Լիբանանեան լրատուամիջոցները յայտնած են Ճեսիքա Պէզճեանի մահուան լուրը, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի ժամանակ եղած է Ռում հիւանդանոցի իր աշխատավայրը: Երիտասարդ հայուհին բուժքոյր կ'աշխատէր եւ, ըստ լրատուամիջոցներու, մնացած է փլած առաստաղի տակ: Հիւանդանոցը կը գտնուի Էշրեֆիէի շրջանը եւ շատ մօտ է Պէյրութի նաւահանգիստին, ուր 4 օգոստոսին որոտացած է հզօր պայթում:
Ճեսիքա Պէզճեանը Լիբանանի Մեսրոպեան հայկական վարժարանի շրջանաւարտ էր, ան Լիբանանի Հիւանդապահներու միութեան անդամ էր:
«Հանգչիր խաղաղութեամբ, հրեշտակ»-գրած են անոր ընկերները, դասախօսները եւ գործընկերները:
«Ան ամենալուրջ եւ աշխատասէր բուժքոյրերէն էր, ան շատ ինքնատիպ ուսանող էր: Կ'աղօթեմ քեզի համար»,-գրած է Պալամանտ համալսարանի դասախօսներէն Վիքի Ժպրանը՝ Ճեսիքա Պէզճեանի մասին: