image

Բարձր հովանաւորութեամբ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեանի. Երիտասարդական համագումար Երեւանի մէջ

 Բարձր հովանաւորութեամբ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեանի. Երիտասարդական համագումար Երեւանի մէջ

 Օրերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գանատայի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեանին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդական համագումար մը։

 Ատոր մասին «Արեւելք» իմացաւ Թեմը պաշտօնական էջէն։

 Ստորեւ ներկայացուած հաղորդագրութիւնը՝

 

Հովանաւորութեամբ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Ազգային Առաջնորդարանը Արցախի օժանդակութեան իր ծրագիրներու ծիրէն ներս, կազմակերպած էր իր տեսակին մէջ մասնագիտական համագումար մը (MindLead Forum 2025), որ տեղի ունեցաւ, Շաբաթ, 26 Յուլիս 2025-ին, Երեւանի Elite Plaza Business Center-ի մէջ, որ կը համախմբեր հայրենի երիտասարդներ, որոնք ամբողջ օր մը առիթը ունեցան միասնաբար խօսելու՝ մտքի նորոգութեան, բարոյական առաջնորդութեան, առաջնորդի կերպարին վրայ հոգեւոր իմացութեան ազդեցութեան, լուռ առաջնորդութեան ու անոր ազդեցութեան եւ հոգեկան ու հոգեբանական առողջութեան եւ անոր պահպանման մասին։

Ծրագրին կը մասնակցէին Գանատայի Հայոց Թեմը, Mind Link կրթամշակութային ՀասարակականԿեդրոնը եւ Project Inn_able ՀասարակականԿազմակերպութիւնը։

Չորս մասնագէտ դասախօսներ, իրենց մասնագիտութեան ծիրէն ներս երիտասարդներուն ներկայացուցին այժմէական թեմաներ, հետեւեալ վերնագրումներով.

“Transformed by Renewing Minds” - Right Reverend Father Keghart Kosbakian

“Ethical Leadership ans Spiritual Intelligence” - Dr. Dania Ohanian (EdD)

“The Power of Mindful Nonverbal Communication” - Mr. Hagop Makdis

“Healthy Theology, Healthy Psychology: How Do Faith and Spirituality Affect our Mental and Psychological Health?” – Mrs. Nora Chitilian (LMFT)

Ամբողջ օրուան մը ընթացքին, դասախօսական ներկայացումները, ընկերային մթնոլորտն ու քննարկումները միջոց հանդիսացան ստեղծելու մտերմիկ եւ մտամփոփման մթնոլորտ մը, միասնաբար խորհրդածելու եւ քաջալերելու մեր երիտասարդները, դառնալու յանձնառու առաջնորդներ եւ դիմագրաւելու արդի աշխարհի մարտահրաւէրները։