Հալէպ քաղաքի բժշկութեան բնագաւառին մէջ հայերը ունեցած են եւ այսօր ալ ունին նշանակալի ներդրում: Քաղաքը տուած է նշանաւոր հայ բժիշկներ, իսկ անոնցմէ ամենանշանաւորը «Հալէպի բժիշկներու հայր» պատուանունը կրող Արամ-Ասատուր Ալթունեանն է: Մեծ եղած է վերջինիս դերը՝ Սուրիոյ առողջապահական ոլորտին մէջ: Արամ-Ասատուր Ալթունեանը ծնած է 1857 թուականի 21 մարտին, Արեւմտեան Հայաստանի Սեբաստիա քաղաքը: 1881 թուականին աւարտած է Թուրքիոյ Այնթապի եռամեայ բժշկական քոլեճը:
«Յուշամատեան» ժառանգութեան հարթակին լոյս տեսած այս լուսանկարին մէջ Արամ-Ասատուր Ալթունեանը (կանգնածներու վերջին շարքին ձախէն երկրորդը) քոլեճի նախագահի, շրջանաւարտներու, ուսուցիչներու հետ լուսանկարուած է քոլեճի հիմնադրութեան 25-ամեակի առթիւ՝ 1901-ին:
Ան քոլեճն աւարտած է 1881-ին:
1884 թուականին սորված է Նիւ Եորքի Քոլումպիայի քոլեճին մէջ: Աշխատած է Հայտըլպըրկի (Գերմանիա) յայտնի բժշկական կեդրոններուն մէջ: 6 ամիս աշխատած է Պերլինի Քոխի մանրէաբանական տարրալուծարանին մէջ: 1887 թուականին անցած է Պոլիս, ստացած է Թուրքիոյ մէջ գործելու արտօնագիր եւ աշխատած Այնթապի բժշկական դպրոցին մէջ: 1888 թուականին եղած է Վիեննայի եւ Լոնտոնի դարմանատաուները, 1889 թուականին հաստատուած է Հալէպի մէջ, ուր 1896 թուականին իր կնոջ՝ իրլանտացի Հարրիէթ Ռիտելի հետ բացած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ առաջին ռենկենեան գրասենեակը եւ կատարած ընդերադիտական հետազօտութիւններ: Այս հիւանդանոցին մէջ հետազօտութիւններ եղած են Հալէպէն այդ տարիներուն անցած յայտնի մարդիկ, ինչպէս՝ գրող Ակաթա Քրիսթին իր հնագէտ ամուսնիի հետ, իսկ բրիտանացի հնեաբան, զինուորական եւ գրող Թոմաս Էտուարտ Լոուրէնսը՝ Լոուրէնս Արաբացին, այստեղ բուժուած է պալարախտէ (թուպըրքուլոզ): Վերջինս եղած է Ալթունեան ընտանիքի սերտ ընկերներէն մէկը:
Արամ-Ասատուր Ալթունեանը 1911 թուականին հիմնադրած է Ալթունեան հիւանդանոց (գործած է մինչեւ 1962 թուականը): 1927 թուականին բացած է բուժքոյրերու դպրոց: Մեծ վաստակ ունի Սուրիոյ, յատկապէս Հալէպի առողջապահութեան զարգացման գործին:
Հիւանդանոցը, 1927 թ.
Խմբանկար՝ բուժքոյրերու դպրոցէն
Անձնական միջոցներով Հալէպի մէջ բացած է առաջին հայկական դպրոցը՝ հանրայայտ Հայկական վարժարանը: Կրած է «Հալէպի բժիշկներու հայր» պատուանունը: 1937 թուականէն եղած է Հալէպի բժիշկներու միութեան պատուոյ նախագահ:
Արամ-Ասատուր Ալթունեանը մահացած է 1950 թուականի 4 յունուարին: Թաղուած է Հալէպի Հայ աւետարանական Էմանուէլ եկեղեցւոյ բակին մէջ:
Ստացած է Իտալական գահի ասպետ (1914), Սուրիական արքունեաց Բ (1931), Ա (1939) աստիճանի շքանշան, Նիւ Եորքի վիրաբոյժներու միջազգային քոլեճի ոսկէ մետալ (1939), Սուրիական արքունեաց Ա աստիճանի շքանշան (1939), Սուրիական արքունեաց Գերագոյն աստիճանի շքանշան (1950):
Լուսանկարին մէջ` նշանաւոր բժիշկի հիմնած հիւանդանոցը, 1920, դեկտեմբեր
Բժիկ եղած է նաեւ Ալթունեանի որդին՝ Էռնեսթ-Հայկ Ալթունեանը: Ան նոյնպէս Եւրոպայի մէջ կրթութիւն ստացած է, որոշ ժամանակ աշխատած է Հալէպի իր հօր հիւանդանոցին մէջ, ետքը փոխադրուած է արտասահման, աշխատած եւրոպական քաղաքներու մէջ, մահացած է 1962-ին՝ Մեծ Բրիտանիա:
Բժիշկ Էռնեսթ Հայկ-Ալթունեանը
Բժիշկ Էռնեսթ-Հայկ Ալթունեանը՝ իր դստեր հարսանիքին, 1954 թ. Հալէպ
Էռնեսթ-Հայկ Ալթունեանի որդին՝ Ռոճըր Ալթունեանը, նոյնպէս ճանչցուած բժիշկ եղած է:
Ռոճըր Ալթունեան (1922–1987)