«Տահէշ»էն փրկուած 12 տարեկան եզիտի պատանին ցանկութիւն յայտնած է միանալու իր մօր, որ նոյնպէս 3 տարի առաջ փրկուած ու տեղափոխուած էր Գանատա:
12 տարեկան եզիտի տղուն՝ Իմատ Թամոն գերեվարուած էր 2014-ին, երբ զինեալները ներխուժած էին հիւսիսային Իրաքի Սինճար շրջանը:
Նշենք որ այս շրջանի բնակիչներու մեծամասնութիւնը եզիտիներ էին: «Տահէշ» ձերբակալած է հազարաւոր եզիտիներ, սպաննած է հարիւրաւոր մարդկանց եւ գերի պահած է կիներն ու երեխաները: «Տահէշ» մտադիր է եզիտի երեխաները «վերածել» իսլամիստ «ռազմիկ»ներու:
Մոսուլ քաղաքի ճակատամարտին վերջին փուլին, Իմատ ազատութեան մէջ յայտնուած է շնորհիւ իրաքեան բանակին:
Ան այժմ կը գտնուի իր միակ հարազատին՝ հօրեղբօր մօտ:
Ըստ Իմատի հօրեղբօր, Իմատ ցանկութիւն ունի միանալ իր մօրը եւ մեկնիլ Գանատա եւ կարգ մը մարդասիրական կազմակերպութիւններ կ’աշխատին իր երազը իրականութիւն դարձնելու ուղղութեամբ: