image

Հռոմի Պապէն հանդարտութեան կոչ

Հռոմի Պապէն հանդարտութեան կոչ

Հռոմի Պապ Լեւոն ԺԴ.-ը կոչ ուղղեց Իրանին ու Իսրայէլին՝ ցոյց տալու պատասխանատւութիւն եւ ողջախոհութիւն՝ ընդգծելով, թէ խաղաղութեան աջակցիլը բոլոր պետութիւններուն պարտականութիւնն է։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին կը գրած է Vaticannews-ը՝ մէջբերելով Սրբազան Քահանայապետին խօսքերը։

«Այս օրերուն շատ մտահոգիչ լուրեր կու գան. Իրանի եւ Իսրայէլի մէջ կացութիւնը լրջօրէն սրուած է։ Այս նուրբ պահուն կ՚ուզեմ դարձեալ շտապ կոչ ուղղել պատասխանատւութեան եւ առողջ բանականութեան», – ըսած է Պապը Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ։

Սրբազան Քահանայապետը շեշտած է, թէ աւելի ապահով եւ միջուկային սպառնալիքներէ զերծ մոլորակ մը պէտք է կառուցուի հանդիպումներու եւ անկեղծ երկխօսութեան միջոցով՝ արդարութեան, եղբայրութեան եւ հասարակաց բարօրութեան վրայ հիմնուած տեւական խաղաղութիւն ստեղծելու նպատակով։

«Երբեք, ոչ ոք  պէտք է սպառնայ ուրիշի գոյութեան։ Բոլոր երկիրներուն պարտականութիւնն է նպաստել խաղաղութեան գործին՝ բանալով հաշտեցման ուղիներ եւ խթանելով այնպիսի լուծումներ, որոնք երաշխաւորեն բոլորին ապահովութիւնն ու արժանապատւութիւնը», – ընդգծած է Հռոմի Պապ Լեւոն ԺԴ.-ը։