image

Դատարանին մէջ մօտ 50 վկայ ցուցմունք տուած է Ջալալ Յարութիւնեանի դէմ. վճիռը՝ շուտով. Pastinfo

Դատարանին մէջ մօտ 50 վկայ ցուցմունք տուած է Ջալալ Յարութիւնեանի դէմ. վճիռը՝ շուտով. Pastinfo

Պաշտպանութեան Բանակի նախկին հրամանատար Ջալալ Յարութիւնեանի գործով մեղադրող եւ տուժող կողմերը կը պահանջեն մեղաւոր ճանաչնալ Ջալալ Յարութիւնեանը։

Տուժողներու իրաւայաջորդներու ներկայացուցիչ Լիպարիտ Սիմոնեանը «Փաստինֆո»- ի հետ զրոյցին յայտնած է, որ գործը աւարտական փուլի մէջ է։ Մեղադրողը եւ տուժող կողմը ներկայացուցած են եզրափակիչ ելոյթները՝ միջնորդելով մեղաւոր ճանաչել Յարութիւնեանը։ 

Սիմոնեանը յայտնած է, որ դատարանին մէջ հարցաքննուած մօտ 50 վկաներու ցուցմունքներն ամբողջութեամբ Ջալալ Յարութիւնեանի դէմ եղած են։