Եթէ այդ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնութիւն է, Ատրպէյճանն ալ իր ինքնիշխանութիւ՞նը մեզի կը զիջի: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է ելեւմուտքի նախարար Վահէ Յովհաննիսեանը, պատասխանելով այն հարցին, թէ Հայաստանի սահմանին Հայաստանի կողմէ չի կրնար Եւրոպական Միութեան դիտորդը կանգնիլ, սա ինքնիշխանութեան զիջում չէ՞, ինչո՞ւ պէտք է թշնամական երկրի ղեկավարի ցանկութեամբ մեր կողմէ չկանգնին, չշրջին Եւրոպական Միութեան դիտորդները սահմանին:
«Կարող է մենք էլ չենք ուզենալու, որ մեր սահմանին որեւէ մէկը լինի, եթէ մենք դելիմիտացուած սահման ունենանք:
Եթէ խաղաղութեան վերաբերեալ համաձայնութիւն կայ, ապա ես կարծում եմ, որ սահմանազատման գործընթացները մինչեւ այդ շարունակուելու են:
Ես հաւատում եմ, որ ստորագրուելու է համաձայնագիրը եւ յոյս ունեմ՝ հնարաւորինս շուտ: Ես շատ մեծ յոյս ունեմ, որ լինելու է խաղաղութիւն»,-ըսած է Յովհաննիսեանը: