16 Հոկտեմբերին ՀՀ ՊՆ պաշտպանական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեանը հանդիպած է ՀՀ-ի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանութեան ռազմական կցորդ գնդապետ Պահման Սատեղինի հետ:
Լեւոն Այվազեանը տեղեկացուցած է, որ, հակառակ հայկական կողմի բազմաթիւ յորդորներուն, Ատրպէյճանի զինուած ուժերը կը շարունակեն կուտակումները եւ գործողութիւններու իրականացումը Իրանի իսլամական հանրապետութեան սահմանի երկայնքով` այդպիսով պատսպարուելով պետական սահմանով: Իրանական կողմին անգամ մը եւս ներկայացուած է Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու գործողութիւններու` Իրանի հետ սահմանէն անվտանգ հեռաւորութեան վրայ տեղափոխելու անհրաժեշտութիւնը:
Արցախի պաշտպանութեան բանակի անունոց փոխանցուած է, որ նշուած հատուածին մէջ իրավիճակը անփոփոխ մնալու պարագային, Պաշտպանութեան բանակը իրեն իրաւունք կը վերապահէ կործանիչ հարուածներ հասցնելու տուեալ հատուածին մէջ գտնուող Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն, որու հետեւանքներու ողջ պատասխանատւութիւնը պիտի կրէ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը: