image
Հրատապ լուրեր:

«Սահմանադրական Դատարանի մասին» նոր օրէնքը ընդունուեցաւ. Հրայր Թովմասեանն այլեւս ՍԴ-ի նախագահ չէ

«Սահմանադրական Դատարանի մասին» նոր օրէնքը ընդունուեցաւ. Հրայր Թովմասեանն այլեւս ՍԴ-ի նախագահ չէ

Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ ընդունած է «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներու կողմէ ներկայացուած օրէնքներու նախագիծերու փաթեթը, որով կ'ամրագրուի, որ Սահմանադրական դատարանի դատաւորներուն, որոնց լիազօրութիւնները դադրած են լիազօրութիւններու ժամկէտը աւարտելու հիմքով՝ վերջին փոփոխութիւններով, կը նշանակուի կենսաթոշակ՝ օրէնքով սահմանուած կարգով:

Սուրէն Գրիգորեանի եւ Վահագն Յովակիմեանի ներկայացուցած «Սահմանադրական դատարանի մասին» սահմանադրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին եւ «Պաշտօնատար անձանց գործունէութեան ապահովման, սպասարկման եւ ընկերային երաշխիքներու մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու մաuին օրէնքներու նախագիծերու փաթեթը ԱԺ արտահերթ նիստին ստացաւ 80 կողմ, 1 դէմ ձայներ:

Նիստին չէին մասնակցած «Լուսաւոր Հայաստան» եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնները:

Կարգաւորման առարկայի հիմնական նպատակը կենսաթոշակի իրաւունքի ապահովումն է Սահմանադրական դատարանի այն դատաւորներուն, որոնց լիազօրութիւնները դադրած են Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հետեւանքով: Խօսքը երեք դատաւորներու՝ Ալվինա Գիւլումեանի, Ֆելիքս Թոխեանի եւ Հրանդ Նազարեանի մասին է։