image
Հրատապ լուրեր:

8 Տարի ետք. Սուրիոյ օդանաւային ընկերութեան առաջին թռիչքը դէպի Երեւան

8   Տարի ետք. Սուրիոյ   օդանաւային ընկերութեան առաջին թռիչքը դէպի Երեւան

 Սուրիոյ «Սանա»  լրատուականը  կը  հաղորդէ, որ   այսօր    յունիսին  Երեւանի  «Զուարթնոց»   օդակայան    հասած է  Սուրիական Օդանաւային  Պետական   Ընկերութեան   առաջին     օդանաւը,  եւ այդ  ութ  տարուան  բացակայութենէ ետք։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ այս թռիչքով    150  ուղեւորներ  ժամանած են  Երեւան։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ  մօտիկ առաջիկային  Հալէպի միջազգային օդակայանը նոյնպէս   պիտի ներգրաւուի   Հայաստան-Սուրիա   փոխադրութիւններու ընդհանուր ծրագրին մէջ։

 

 Նշենք, որ  Սուրիոյ  դէպքերու ծաւալումէն  ետք    Երեւան-Դամասկոս   օդային կապ երկար  ատենով մնացած էր փակ եւ    աւելի ուշ  այն   սկսած էր իրականացուիլ  անհատական  ընկերութիւններու  ճամբով, որոնց ամէնէն   ճանչցուածը  կը համարուի ՝      Sham Wings   օդային   փոխադրութեան ընկերութիւնը։