image

Յակոբ Միքայելեան. Երէկ դրամապանակս կորսնցուցի, երեկոյեան լսեցի որ գտնուեր է

Յակոբ Միքայելեան.  Երէկ դրամապանակս կորսնցուցի, երեկոյեան լսեցի որ գտնուեր է

Յակոբ Միքայելեան 

 

 

Այս մասին չգրել, անկարելի է։
Երէկ դրամապանակս կորսնցուցի, երեկոյեան լսեցի որ գտնուեր է։ Գտնողին հետ կապ հաստատեցի եւ այսօր դրամապանակս ողջ-առողջ ձեռքս հասաւ։ Այսքանը գուցէ սովորական է, սակայն գտնող հայաստանցի երիտասարդը տեսնելով իմ դրամապանակիս խեղճուկ վիճակը, գտնուածին հետ նոր դրամապանակ մը նուէր ղրկեր է։ Հաւատացէք, այո', տակաւին կան բարի, խղճամիտ եւ ազնուական անձեր։ Շնորհակալ եմ եւ երախտապարտ։
Շնորհակալութիւն նաեւ բոլոր անոնց, որոնք զիս տեղեակ պահեցին։