Յունուար 6-ի երեկոյեան ժամերուն Ղազախստանի ամենամեծ քաղաքի` նախկին մայրաքաղաք Ալմա Աթայի կեդրոնին դարձեալ կրակահերթեր արձակուած են:
Բախումները տեղի ունեցած են Ալմա Աթայի Հանրապետութեան հրապարակի շրջանին մէջ:
Զինուորականները հաւաքուած մարդոց բարձրախօսներով կոչ ըրած են անյապաղ հեռանալու հրապարակէն եւ անոր հարող փողոցներէն:
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ զինուորները մաքրած են այդ շրջանը բողոքի շարժումի մասնակիցներէն, սակայն հետագային անոնց մէկ մասը վերադարձած էր Հանրապետութեան հրապարակ:
Երկրի Առողջապահութեան նախարարութեան փոխանցմամբ՝ Ղազախստանի մէջ անկարգութիւններու պատճառով տուժած է աւելի քան հազար մարդ, 400-է աւելի մարդ հիւանդանոց փոխադրուած է։ Վերջին տուեալներով՝ Ալմա Աթայի մէջ ցուցարարներու հետ բախումներու հետեւանքով զոհուած է շուրջ երկու տասնեակ իրաւապահ, տուժած՝ աւելի քան 700 աշխատակից։ Ներքին գործոց նախարարութենէն կը յայտնեն, որ բերման ենթարկուած է շուրջ 2300 մարդ։