image

Կազայի մէջ Իսրայէլի օդուժի հարուածի հետեւանքով կիրակի երեկոյեան առնուազն 10 խաղաղ բնակիչ զոհուած է

Կազայի մէջ Իսրայէլի օդուժի հարուածի հետեւանքով կիրակի երեկոյեան առնուազն 10 խաղաղ բնակիչ զոհուած է

Կիրակի երեկոյեան Կազայի հատուածին մէջ իսրայէլեան օդուժի հարուածի հետեւանքով առնուազն տասը մարդ զոհուած է, կան վիրաւորներ։ Այս մասին յայտնած է պաղեստինեան WAFA գործակալութիւնը։

«Տասը պաղեստինցի խաղաղ բնակիչ սպանուած է կիրակի երեկոյեան, իսկ ուրիշներ վիրաւորուած, երբ իսրայէլեան բանակը Կազայէն արեւմուտք գտնուող ափամերձ ճանապարհին յարձակած է քաղաքացիներու վրայ», - նշուած է գործակալութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Նշուած է, որ եւս 15 մարդ վիրաւորուած եւ տեղափոխուած է «Ալ-Շիֆա» հիւանդանոց։

Կը հաղորդուի նաեւ, որ յարձակման զոհերը ճանապարհի մօտ կը սպասէին Կազայի հատուածի հարաւէն մարդասիրական օգնութիւն բերող բեռնատարներու ժամանման։