Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի հովանաւորութեամբ, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան Գիր եւ գրականութիւն մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, երէկ` չորեքշաբթի, 24 հոկտեմբեր 2018-ին, Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ «Արամ Մանուկեան նամականի» գիրքին շնորհահանդէսը: Այս առիթով ներկայացուեցաւ նաեւ Հրաչ Տասնապետեանի խմբագրած «Արամ»-ը հատորին նոր վերահրատարակութիւնը, խմբագրութեամբ` Կարօ Յովհաննէսեանի:
Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ, ապա բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ժաք Յակոբեան: Ան ըսաւ, որ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան Գիր եւ գրականութիւն նորաստեղծ մասնաճիւղը իբրեւ առաջին ծրագիր յարմար նկատած է կազմակերպել պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրած եւ Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկին հրապարակած «Արամ Մանուկեան նամականի» ստուարածաւալ հատորին շնորհահանդէսը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը: Ան ըսաւ, որ այս ձեռնարկը շատ կարեւոր է շարք մը առումներով` նախ անոր համար, որ կը շարունակենք Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի նշման տարուան մէջ այն միջոցառումները, որոնք մեզի կարելիութիւն կու տան արժեւորելու հայ ժողովուրդի պատմութեան շրջադարձային դէպքը, հետահայեացք նետելու այն ձեռքբերումներուն, որոնցմով տեղի ունեցաւ Հայոց պետականութեան վերականգնումը, ինչպէս նաեւ արժանին մատուցելու այն գործիչներուն, որոնք իրենց անձնուէր նուիրումով իրականութիւն դարձուցին մեր ժողովուրդի պատմութեան այդ առանցքային իրադարձութիւնը` Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումը, կարճ ժամանակի մէջ անոր կայացումը եւ ընդհանուր առմամբ դարերով ընդհատուած պետականութեան վերականգնումը:
Խօսք առաւ «Արամը» գիրքին վերահրատարակութեան խմբագիր Կարօ Յովհաննէսեան, որ ըսաւ, թէ Արամ մանրամասն նկարագրած է իր ուղեւորութիւնը Կարսէն դէպի Վան: Խիտ տողերու մէջ ներկայացուցած է Վանի եւ գիւղերու գրեթէ բոլոր գործիչները, որոնց հետ գործ ունեցած է:
Ան ըսաւ, որ «Արամը» գիրքին մնացեալ բաժինները զանազան հեղինակներու կողմէ գրի առնուած յուշեր են, որոնց մէջ առիւծի բաժինը կը պատկանի Արշալոյս Աստուածատրեանին, որ անմիջական գործակիցը եղած է Արամ Մանուկեանին` 1917-1919 տարիներուն, եւ որ հետագային ընդարձակ յօդուածաշարք մը հրատարակել տուած է «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ: Կան նաեւ Ռուբէն Տէր Մինասեանի, Վահան Փափազեանի-Կոմսի, Հմայեակ Մանուկեանի, Օննիկ Մխիթարեանի, Վահան Նաւասարդեանի, Արշալոյս Շահխաթունիի, Սասունցի Մուշեղի, Մալխասի, Եփրեմ Սարգիսեանի, Սիմոն Վրացեանի եւ Կարօ Սասունիի յուշերը, որոնք կը ներկայացնեն Արամ Մանուկեանի նկարագիրը, ղեկավարի յատկանիշները, ապրելակերպը, բնաւորութեան գիծերը, մտածումները եւ իրագործումները:
Յաջորդ խօսք առնողը եղաւ Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեանը:
Յովհաննիսեան ըսաւ, որ Արամ միշտ ալ հաւատացած է, որ միայնակ չէ իր կատարած գործին մէջ եւ ան շատ դէմ եղած է, երբ զինք համարած են, իբրեւ միակ փրկիչը: Արամ անհատապաշտութեան դէմ եղած էր: Մ. Յովհաննիսեան դիտել տուաւ, որ նամակներու միջոցով կը ճանչնաք սարսափելի քննադատ Արամ Մանուկեանը, որ այնպիսի նամակներ գրած է Արեւմտեան եւ Արեւելեան Բիւրոներուն, որոնց մէջ միշտ ալ աշխատած է գործին ի շահ խօսիլ:
Մհեր Յովհաննիսեան ըսաւ, որ հատորին մէջ կը տեսնուի նաեւ Արամ Մանուկեան ուսուցիչը, տիքթաթոր կոչում ստացած անհատականութիւնը, որ Աբովեան փողոցով քալած է երեկոները իր ընկերներուն հետ, որպէսզի սպանութիւնները եւ գողութիւնները կանխէ:
Ըստ անոր, այս հատորը մեզի ցոյց կու տայ Սարգիս Յովհաննէսեանէն Արամ Մանուկեան դառնալու գործընթացը: 1904-1915 թուականները ընդգրկող հատորը կը բովանդակէ 400 նամակներ, որոնց մեծամասնութիւնը առաջին անգամ ըլլալով լոյս կը տեսնէ:
Ան նաեւ լուսարձակի տակ առաւ Երուանդ Փամպուքեանի կարեւոր ու արժէքաւոր աշխատանքը` այս հսկայ գործը իրականութիւն դարձնող:
Աւարտին խօսք առաւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին զեկուցաբեր Մհեր Յովհաննիսեանին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան աշխատակազմին եւ Թամար Սնապեան-Սուրճեանին:
Ան ըսաւ, որ հատորին չորրորդ շնորհահանդէսն է` Երեւանէն, Հալէպէն, Շուշիէն ետք: Ճիշդ է, որ բոլորը կը զուգադիպին Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին, բայց Արամ Մանուկեան մեծ տեղ գրաւած է մեր ժողովուրդի սրտին ու հոգիին մէջ, շեշտեց ան:
Ե. Փամպուքեան նշեց, որ նամակներուն ճնշիչ մեծամասնութիւնը կը գտնուին Պոսթընի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կեդրոնական արխիւատան տարբեր թղթածրարներու մէջ, եւ ինք տարիներու ընթացքին փնտռելով զանոնք, մաղերով, յաջողած է ամբողջութիւնը Երեւան բերել: Անոնք կը վերաբերին 1904-էն 1915 թուականներուն:
Ե. Փամպուքեան ըսաւ. «Արամ Մանուկեանի ձեռագիրը բաւական ընթեռնլի եղած է: Նամակներուն կարեւոր մէկ մասը տարբեր պատճառներով մեզի չէ հասած այնպէս, ինչպէս պէտք է հասնէր, վթարի ենթարկուած է, ջրոտած եւ մելանը տարածուած է: Նամակներուն մէջ գործածուած անունները մարդոց եւ բնակավայրերուն ծածկանունները ունեցած են: Պէտք է գիտնանք, որ ամէն մարդ ատենօք ունեցած է իր ծածկանունը: Յայտնի դէմքեր ունեցած են բազմաթիւ ծածկանուններ, որոնք գործածուած են նամակներուն մէջ: Վասպուրականը ունեցած է 800 գիւղ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունեցած է իր ծածկանունը: Զանոնք վերծանելը բաւական դժուար եղած է եւ հսկայական ժամանակ, ճիգ եւ եռանդ պահանջած է: Նամակները կը գրուէին յաճախ թուանշային ծածկագիրով: Արամ գրաքննութենէ խուսափելու համար յաճախ գործածած է թուանշային ծածկագիրները: Թուանշանները ունէին իրենց բանալին: Հարիւրաւոր բանալիներ կային, զանոնք քակելը տքնաջան աշխատանք էր: Այս բոլոր յոգնութիւնները ոչինչ են այն յոգնութեան դիմաց, որ Արամ Մանուկեան ունեցած է», շեշտեց պատմաբանը:
Ե. Փամպուքեան յայտնեց, որ Արամի մասնաւորաբար Վան Վասպուրական գործունէութեան առաջին երկու տարիներուն ան զբաղած է մեծ մասամբ կազմակերպական, քաղաքական, ընդհանուր յարաբերական գործերով, բայց զարմանալի կերպով զբաղած եղած է նաեւ զէնք զինամթերքի փոխադրութեամբ:
Պատմաբան Փամպուքեան խօսքի աւարտին ըսաւ, որ նամակներուն մէկ մասը ներքին եղած են, այսինքն` Վասպուրականի շրջանի գործիչ ընկերներուն, կոմիտէներուն ու ենթակոմիտէներուն ուղղուած: Անոնց մէջ կ՛երեւայ Արամ Մանուկեան մարդը, որ այնքան սրտանց ժողովուրդին նուիրուած է եւ մղած է գործիչները աշխատելու ժողովուրդի բարօրութեան ու ապահովութեան համար: Գործիչներուն կորով ներշնչած է: Արամ ամէն բան ըրած է ժողովուրդին սիրոյն: Գերադաս մարմինները Արամին մէջ կը տեսնէին իրենց գործը շարունակողը: Արամ 25 տարի հայոց ազատագրական դատին նուիրուած էր, հաստատեց գիրքին հեղինակը:
Թղթակցութիւնը ՝ «Ազդակ»էն (Յապաւուած)