14 Փետրուարի այս օրը ծննդեան տարեդարձն է հայ մտքի եւ գրականութեան յիշարժան դէմքերէն Հայկանուշ Մառքի։
Պոլսահայ հոգեմտաւոր մեծ ժառանգութեան մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունեցաւ բանաստեղծ ու արձակագիր, բայց մանաւանդ յանդուգն հրապարակագիր Հայկանուշ Մառք, որ իբրեւ այդպիսին արժանի տեղ կը գրաւէ Սրբուհի Տիւսաբի, Զապէլ Ասատուրի, Զապէլ Եսայեանի օրինակով մեծանուն հայ կին գրողներու փաղանգին մէջ։
Բանաստեղծական խոր զգացողութեան եւ մտաւորական լայն հորիզոնի տէր գրողը եղաւ Մառք, որ ոչ միայն հայ կնոջ յուզաշխարհը շնչաւորող գրականութիւն մը կտակեց մեր ժողովուրդին, այլեւ՝ անխոնջ դրօշակիրը դարձաւ հայ կնոջական շարժման՝ հայ կնոջ իրաւունքներուն պաշտպանութեան նուիրաբերելով իր գրիչն ու իմացական ուժերը։
Իր «Ամէնուն Տարեգիրքը» շարքին վերջին՝ 1967-68 տարիներու միացեալ համարին մէջ, Կարօ Գէորգեան սեղմ ու կուռ արժեւորումը կատարած է Հայկանուշ Մառքի վաստակին։ Կնոջական աշխարհին, հայ կնոջ ընկերային հարցերուն եւ յատկապէս կանացի իրաւունքներուն ու դատին պաշտպանութեան նուիրուած իր հրապարակագրական հարուստ ժառանգութեամբ, Հայկանուշ Մառք իրաւամբ եղաւ քսաներորդ դարու առաջին յիսնամեակին ամէնէն աւելի լայն ժողովրդականութիւն վայելող գրիչներէն մէկը։
Ծնած էր Պոլիս, 14 Փետրուար 1881ին։ Ուսումը ստացած էր Եսայեան վարժարանի մէջ՝ աշակերտելով Զապէլ Ասատուրի, որուն արժանաւոր յաջորդը դարձաւ։ Հազիւ երիտասարդ՝ նետուեցաւ ազգային-հանրային գործունէութեան ասպարէզ՝ մէկ կողմէ կնոջական իր ներաշխարհը թրթռացնող քերթուածներ ու արձակ էջեր լոյս ընծայելով, իսկ միւս կողմէ քսաներորդ դարասկիզբի հայ իրականութեան մէջ կնոջական իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ընկերային խնդիրներու արծարծման նուիրուելով։
Հայկանուշ Մառքի կեանքին ու գործունէութեան դարձակէտը կազմեց հրատարակութիւնը «Ծաղիկ» պարբերականին, որ թէեւ լոյս տեսաւ միայն երեք տարի (1905-1907), բայց անմիջապէս ընթերցող գրաւեց եւ հայ կնոջական շարժումը խթանող գլխաւոր բեմ մը դարձաւ։ Ատենի երիտասարդ հայ կին գրողները կապուեցան թերթին եւ թէ՛ գրական-ստեղծագործական, թէ՛ իմացական-բանասիրական մարզերու մէջ իրենց աշխատակցութեամբ՝ կանացի շունչ բերին հայ հոգեմտաւոր կեանքին։
Հայկանուշ Մառքի կոթողական իրագործումը հանդիսացաւ հրատարակութիւնը «Հայ Կին» հանդէսին, որ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտէն ետք եւ Մեծ Եղեռնի բացած խորագոյն վէրքը դարմանելու առաջադրանքով ճամբայ ելաւ 1919ին եւ շարունակուեցաւ մինչեւ 1932 թուականը։ «Հայ Կին»ը կամուրջ մը եղաւ ոչ միայն նախա-Եղեռնեան շրջանի ազգային մեր արժէքներուն հետ նորահաս սերունդներու հոգեմտաւոր կապը ստեղծելու եւ ամրապնդելու առումով, այլեւ՝ արեւմտահայ եւ արեւելահայ, խորհրդահայ ու սփիւռքահայ հաղորդակցութիւնը պահպանելու եւ խորացնելու իմաստով։
Հայկանուշ Մառքի գրական ստեղծագործութիւնները, արձակ բանաստեղծութիւններ ու պատմուածքներ, հաւաքուած ու առանձին հատորով լոյս տեսած են «Ծուլութեան պահերէս» խորագրին տակ։ Իսկ «Ծփանքներ կեանքէս» խորագրով հրատարակուած հատորի մը մէջ, Հայկանուշ Մառք ներկայացուցած է իր ինքնակենսագրական յուշագրութիւնը։
Ինչպէս իր գրական-գեղարուեստական, այնպէս ալ հրապարակագրական էջերուն մէջ, Հայկանուշ Մառք օգտագործեց յստակութեամբ ու պարզութեամբ յատկանշուող լեզու մը, որ աւելիով ժողովրդականութիւն ապահովեց իր հաճելի գրելաոճին։
1954ին, Պոլսոյ մէջ, մեծ շուքով տօնուեցաւ Հ. Մառքի գրական գործունէութեան յիսնամեակը։ Այդ առիթով հրատարակուեցաւ իր բանաստեղծական եւ հրապարակագրական գործերէն ծաղկաքաղ մը՝ «Հայկանուշ Մառք. կեանքն ու գործը» խորագրին տակ։
Հայ գրականութեան եւ հրապարակագրութեան կնոջական ձայնը շնչաւորող եւ հայ կնոջական շարժումը ժողովրդականացնող նուիրեալը ապրեցաւ մինչեւ խոր ծերութիւն։ Վերջին տարիներուն առողջական վիճակը վատթարացած էր ու Մառք տեղափոխուեցաւ Պոլսոյ Ազգային հիւանդանոցը, ուր եւ վախճանեցաւ 7 Մարտ 1966ին՝ իր սեփական ճոխ գրադարանն ու բոլոր իրեղէնները կտակելով Սուրբ Խաչի Դպրեվանքին։