Լիբանանի նախագահութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Հասսան Տիապը երկրի վարչապետ նշանակելու մասին յայտարարեց։
Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ Տիապի անունը տուած են 69 երեսփոխաններ, մինչ 43 երեսփոխաններ մնացած են ձեռնպահ, իսկ 14 երեսփոխաններ տուած են Նաուաֆ Սալամի անունը։
Այսպիսով Հասսան Տիապ դարձած է Լիբանանի վարչապետ եւ նշանակումէն անմիջապէս ետք բարձրացած է Պաապտայի նախագահական պալատ, ուր հանդիպում ունեցած է երկրի նախագահ զօր. Միշէլ Աունին հետ։