Օրերս ԱՄԷ-ի եւ Քաթարի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան իր առաքելութեան ծիրէն ներս այցելութիւն տուած է Օմանի մէջ Լիբանանի դեսպանատուն։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝
Կիրակի 12 Մայիս 2024-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան, Մասքաթի Լիբանանեան դեսպանատունը կ'այցելէ եւ հանդիպում կ'ունենայ Դեսպան՝ Ալպէր Սամահաի հետ:
Սրբազան Հօր կ'ընկերանային Ազգային Երեսփոխանական ժողովի անդամներէն` տիար Զարեհ Գալայճեան, Ազգային Առաջնորդարանի բարերարներէն` տիար Խաչիկ Գալայճեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Սարկաւագ`տիար Վարդան Պաղտուտ, Օմանի Ազգաիներէն`Տիկ. Գադրին Սապաղ, տիար Ռաֆֆի Գոզաճեան եւ տիար Փօլ Գիպրանեան։
Հանդիպման հիմնական նպատակն էր առաւել տեղեկութիւններ փոխանցել հայ համայնքի կազմակերպչական աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:
Մտերմիկ հանդիպման ընթացքին շատ մը նիւթեր արծարծուեցան յատկապէս շրջանի քրիստոնէութեան ու հայ համայնքի զարգացման ու բարգաւաճման շուրջ:
Այս առիթով Պրն. Դեսպանը իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Սրբազան հօր օգտակար դառնալու Մասքաթ հաստատուած հայ համայնքի բոլոր ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն: