image

Յայտնի է Ռայիսիի, Ապտոլլահեանի յուղարկաւորման օրը

Յայտնի է Ռայիսիի, Ապտոլլահեանի յուղարկաւորման օրը

Իրանեան «Մեհր» գործակալութիւնը տեղեկացուցած է, որ նախագահական ուղղաթիռի կործանման հետեւանքով մահացած Իպրահիմ Ռայիսիի եւ անոր ուղեկցող անձանց յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ մայիս 21-ին՝ Թաւրիզ քաղաքին մէջ։

Իրանի մէջ հնգօրեայ սուգ յայտարարուած է։

«ԻՌՆԱ» գործակալութիւնն ալ, յղում ընելով Իսլամական Հանրապետութեան մարմնակրթութեան փոխնախարարին, յայտնած է, որ նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի եւ արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի մահուան պատճառով այս շաբաթ Իրանի մէջ չեղարկուած են բոլոր մարզական միջոցառումները։