image

Հրատապ. Լիբանանի օդանաւի արկածին հետեւանքով զոհուած հայորդին կը կոչուի Ճօրճ Շիրիքճեան

Հրատապ. Լիբանանի  օդանաւի արկածին հետեւանքով զոհուած հայորդին  կը կոչուի  Ճօրճ  Շիրիքճեան

«Արեւելք» ի  Պէյրութի  աղբիւրը կը հաղորդէ, որ Լիբանանի Ղոսթա շրջանին մէջ    եղած օդանաւի արկածին հետեւանքով զոհուած հայորդիին կը կոչուի Ճօրճ Շիրիքճեան։

Կը նշուի նաեւ, որ մեր հայրենակիցը օդաչու է, իսկ իր վարած օդանաւը նախատեսուած է Լիբանանի  տարածքով մէկ շրջագայելու համար։ Կը հաղորդուի նաեւ, որ արկածին հետեւանքով  զոհուած են երկու այլ անձեր, որ կը կոչուին ՝  Ժոէլ Մուսա եւ Ժատ Մուսա (շատ հաւանաբար անոնք քոյր եղբայր են)։ 

Արկածէն անմիջապէս ետք շրջան ժամանած են ԱԻՆ-ի  միաւորներ, իսկ բանակային ուժերուն պատկանող  ուժեր  պաշարած են շրջանը՝  յաւելեալ քննութիւններ կատարելու համար։