Պայտընի իշխանութեան գալէն ի վեր եւ անոր ուղղակի հրամանով Փենթակոն հարուածներ հասցուցած է Սուրիոյ արեւելեան հատուածին գտնուող կարգ մը ռազմական դիրքերու։
Sky News Կը հաղորդէ, որ հարուածները թիրախ դարձուցած են Իրանի տիրապետութեան տակ գործող զօրամիաւորման մէկ կայանը, ըսելով, որ թիրախ դարձածները պատասխանատու են Իրաքի մէջ ամերիկեան դիրքերու վրայ անցնող շաբաթներուն եղած մի քանի գրոհներու։
Նախնական տուեալներով կան 2 զոհեր։
Իր կողմէ Մոսկուա անհանգստութիւն յայտնած է, որ նման դէպքեր կրնան խարխլել Սուրիոյ ընդհանուր վիճակը։
(Տեսանիւթին մէջ՝ ԱՄՆ պետքարտուղար Մայք Աուսթընն է, որ եղած գրոհի մանրամասնները վեր կը ներկայացնէ՝ լրագրողներուն։)
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել