image

Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ պատուիրակութիւններն Անգարայի մէջ պիտի քննարկեն անվտանգութեան հետ կապուած հարցեր

Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ պատուիրակութիւններն Անգարայի մէջ պիտի քննարկեն անվտանգութեան հետ կապուած հարցեր

Անգարայի մէջ 12 հոկտեմբերին կը կայանայ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ անվտանգութեան պատուիրակութիւններու հանդիպումը։  

Պատուիրակութիւններու կազմին մէջ են երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները, պաշտպանութեան նախարարները, Ազգային հետախուզական կազմակերպութիւններու ղեկավարները։ Այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

«Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ հանդիպումը կը կայանայ Անգարայի մէջ 2025 թուականի 12 հոկտեմբերին անվտանգութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան եւ ընթացիկ զարգացումներու քննարկման նպատակով», - ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։