Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարըհ հոկտեմբեր 7-ին Դամասկոսի մէջ ընդունած է Սուրիոյ հարցով ԱՄՆ-ի յատուկ բանագնաց Թոմ Պարաքը եւ ԱՄՆ-ի Կեդրոնական հրամանատարութեան հրամանատար՝ ծովակալ Պրետ Քուփըրը։
Կողմերը քննարկած են Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները եւ մարտ 10-ին «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու» հետ ձեռք բերուած համաձայնութեան կիրարկման մեքենականութիւնները։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրէս»-ը, այս մասին հաղորդած է SANA գործակալութիւնը։
Հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ Սուրիոյ արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարները, ինչպէս նաեւ գաղտնի ծառայութիւններու ղեկավարը։
«Հանդիպման առանցքը եղած են Սուրիոյ մէջ վերջին զարգացումները, քաղաքական գործընթացին օժանդակելու ուղիներն ու ապահովութեան եւ կայունութեան ամրապնդման ջանքերը»,– յայտարարած է Սուրիոյ նախագահին գրասենեակը։
Ըստ հաղորդագրութեան՝ քննարկումներու ընթացքին անդրադարձ եղած է մարտ 10-ին Սուրիոյ կառավարութեան եւ «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր»ու միջեւ ստորագրուած համաձայնագրի կիրարկման մեխանիզմներուն՝ այնպէս, որ պաշտպանուի երկրի ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը։
Կողմերուն միջեւ կնքուած համաձայնութեամբ նախատեսուած է, որ Սուրիոյ փոքրամասնութիւնները ունենան հաւասար ներկայացուածութիւն քաղաքական գործընթացին մէջ, ինչպէս նաեւ «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր»ը համարկուին երկրի ռազմական եւ քաղաքացիական կառոյցներուն մէջ։