Երէկ իր արդէն աւանդութիւն դարձած «Տարուան ամփոփում»ին մէջ կարեւոր դիտարկումներ կատարելէ բացի «Հըզպալլա»ի Ընդհանուր Քարտուղար Սէյիտ Հասան Նասրալլա խօսեցաւ արդիական զէնք ունենալու անյետաձգելիութեան մասին։ Այս առումով ան փոքր փակագիծ մը բանալով կարեւորելով Ռուսաստանեան «Քորնէթ» հակաթանկային հրթիռներու կարեւորութիւնը, որոնց շնորհիւ ալ «Հըզպալլա»ն կարողացաւ մի քանի ճակատներու էական փոփոխութիւններ եւ հաւասակշռութիւններու մեծ խախտումներ կատարեց։
«Ռուսաստան միայն ուրախացաւ, երբ արար աշխարհ սկսան «Քորնէթ»ի մասին խօսիլ այդ հրթիռը դարձնելով «արժէքաւոր» եւ աւելի թանկ»։
«Հըզպալլա»ն պետութիւն է կ՚ըսեն շատեր, բայց իրականութեան մէջ քաղաքական գիծի մը հաւատացող զինուորական միաւոր է, իսկ մենք քաղաքական գիծ ունեցող պետութիւն էինք, դարձանք ՆԱԹՈ-ի խամաճիկը եւ այսօր ալ այդ մօտեցումին պատիժը կը կրենք։
Ինչքան սորվելիք ունինք «Հըզպալլա»էն, եւ ինչքան սորվելիք ունինք անոր ընդհանուր քարտուղարէն։
Նկարին ՝ Ռուսաստանեան «Քորնէթ» հակաթանկայինն է։