 
                    Վեհափառ Հայրապետի ԱՄՆ Արեւմտեան Ափ տուած հովուապետական այցի շրջանակներուն մէջ օրերս նշուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Գահակալութեան 30-ամեակը։ Վեհափառը Հայրապետը այս առթիւ հարիւրաւգոր ներկաներուն փոխանցած իր պատգամին մէջ շեշտը դրած է «Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Ծառայութիւն է» գաղափարին վրայ, այդպիսով ալ վերանորոգելով մեր ժողովուրդի ակնկածանքը, սէրն ու հաւատարմութիւնը Կիլիկեան Սուրբ Աթոռին նկատմամբ։
Եղելութեան մասին «Արեւելք» իմացաւ «Կիլիկիա» հարթակէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Արժանավայել ու մեծաշուք հանդիսութեամբ Լոս Անճելըսի հայութիւնը նշեց իր հովուապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին «Ալեքս» թատերասրահին մէջ, Երկուշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը 05:00-ին: Նորին Սրբութեան գահակալութեան 30 ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր ազգային առաջնորդարանին կողմէ եւ անոր գեղարուեստական յայտագիրը մշակուած էր ու հովանաւորութիւնը կը վայելէր ազգային առաջնորդարանի «Մհեր եւ Սադիկ Տէր Օհաննէսեան» հիմնադրամին:
Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց Կլէնտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Գերապատիւ Տ. Զարեհ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան: Ան իր խօսքը յատկապէս ըսաւ. «Երեսուն տարիներու ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը եղած է հովիւ, ուսուցիչ, ղեկավար եւ մարգարէական ձայն մեր ժամանակակից աշխարհին մէջ՝ առաջնորդ մը, որուն սիրտը կը բաբախէ իր ժողովուրդի հաւատքով, ցաւերով եւ յոյսերով։ Ծանօթներ միայն լաւ գիտեն, որ Վեհափառ Հայրապետի խօսքն ու գործը եղած են Աստուծոյ ճշմարտութեան հայելիներ՝ արդարութեան ձայնի, հովուական կարեկցութեան եւ նուիրական ծառայութեան»։ Խօսելով Վեհափառ Հայրապետի յաճախական յիշեցումներուն, թէ եկեղեցին պէտք է տանիլ ժողովուրդին, հայր սուրբը ընդգծեց. «"Եկեղեցին պատեր եւ տանիք չէ, այլ՝ հաւատացող ժողովուրդն է"։ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանի այս խօսքը կեանքի բնաբանի վերածած՝ Վեհափառը Իր առաջնորդութեամբ մեր Եկեղեցին դարձուց կենդանի տաճարի՝ գործող հաւատքով, սրտապնդող դաստիարակութեամբ եւ աննահանջ ծառայութեամբ լեցուն։ Վեհափառ Հայրապետի շունչով թրծուածներ, լաւ գիտեն, թէ Եկեղեցւոյ ծառայելը՝ մարդկութեան ծառայել է, իսկ Աւետարանը սիրելը՝ Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը սիրել է»։
Բացման խօսքէն անմիջապէս ետք բեմ բարձրացաւ օրուան առաջին բանախօսը՝ Սուրէն սարկաւագ Հազարեան։ Անգլերէն լեզուով իր արտասանած խօսքին մէջ նշելով Վեհափառ Հայրապետին արժանիքներուն մասին՝ ըսաւ. «Խօսիլ Արամ Ա. Կաթողիկոսին մասին, կը նշանակէ խօսիլ միշտ իր հօտը դէպի լոյսը առաջնորդող քաջ հովուապետին մասին։ Անոր ընտրութիւնն ու օծումը իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս բացաւ նոր էջ մը հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։ Իր գահակալութեան առաջին իսկ օրէն ան ունէր յստակ տեսլական՝ եկեղեցւոյ վերանորոգում, ժողովուրդին ուղղուած ծառայութիւն, ծուխերու հզօրացում եւ եկեղեցին տանիլ ժողովուրդին։ Նորին Սրբութիւնը երբեք թոյլ չտուաւ, որ եկեղեցին դառնայ թանգարան։ Իր պատգամներուն, հռչակագիրներուն ու սրբատառ կոնդակներուն մէջ, ան միշտ շեշտած է, որ հայ եկեղեցին պէտք է ըլլայ իր ժողովուրդին հետ եւ պատերէն անդին։ Իր գահակալութեան անցնող 30 տարիներու ընթացքին, Վեհափառ Կաթողիկոսը միշտ քաջալերած է երիտասարդներուն եւ իգական սեռին մասնակցութեան կարեւորութիւնը եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ»։ Իր խօսքի աւարտին Հազարեան իր որդիական ջերմ բարեմաղթութիւնները յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ անոր մաղթելով քաջառողջ ու արեւշատ օրեր եւ երկար ու բեղուն գահակալութեան տարիներ։
Ապա, բեմ բարձրացաւ օրուան երկրորդ բանախօսը՝ Գերաշնորհ Տ. Թորգոմ Արք. Տօնոյեան։ «Շատ գրուած ու խօսուած է Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռոյ բարի դերակատարութեանց, միջ-կրօնական եւ միջ-եկեղեցական փոխ յարաբերութեանց, փոխադարձ հասկացողութեանց ու մանաւանդ՝ համազգային առումով, անձնդիր ծառայութեանց մասին: Այս բոլորին առաջնորդող դէմքը եւ ճարտար ղեկավարը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսն է, որ իր կենաց տարիները առաքելատիպ ծառայութեամբ լուսեղէն ներկայութիւն դարձուց բազմաթիւ մարզերէ ներս եւ իր եզակի, ուրոյն տեղը ունեցաւ ու կը շարունակէ նոյն իմաստութեամբ ունենալ՝ մանաւա՛նդ մեր ազգի շնչաւոր հորիզոնին վրայ» սկսաւ իր խօսքը Թորգոմ սրբազան։ Շարունակելով իր խօսքը՝ ան հաստատեց. «Երեք տասնամեակներու ծառայութեամբ հզօրացած Վեհափառ Կաթողիկոսը հայ ազգի ճգնաժամային եւ անդոհալից պահերուն, իր հզօր հեղինակութեամբ կը մնայ փնտռուած ներկայութիւն՝ իբրեւ խորարմատ հաւատք, միտքի շտեմարան, խոհուն մտաւորական, աներկիւղ պատգամաբեր, կեցութեան հսկիչ, հաշտարար հայր, կենսաբեր քարոզիչ, Հայրենիքի ու Սփիւռքի միաբանութեան ջատագով, ու մանաւանդ, համայն հայութեան լինելութեան արթուն պահակ՝ օժտուած երկնային զօրութեամբ»։ Եզրակացնելով իր խօսքը՝ Թորգոմ արքեպիսկոպոս ըսաւ. «Մեր խորին համոզմամբ, Դուք իտէալ Հայրապետն էք Ձեր հօտին ու մեր բոլորի՛ն, որովհետեւ Դուք Հայ Եկեղեցին վերածեցիք դէպի համայնական ծառայութիւն առաջնորդող անսասան դուռի, որ ամէն հեղ ընդառաջ բացուեցաւ ազգի բոլոր խաւերուն ու խմբաւորումներուն, ինչպէս նաեւ վերջին երեք տասնամեակներուն անասելի կարիքներու մէջ ծովացած հայրենեաց դիմաց՝ տեսակ-տեսակ ծառայութիւններով դարմանելով ցաւը անկարին ու վիրաւորին, հայրենեաց զինուորներուն, վիրաւոր փաղանգներուն եւ ազգի բոլոր զաւակներուն անխտիր։ Կանաչ երթ, դէպի աստղածորան նո՜ր արշալոյսներ, ամենասիրելի Վեհափառ Տէր»։
Արտասանուած խօսքերէն ետք ներկայացուեցաւ հայ թէ օտար դասական երաժշտութենէ պատառիկներ՝ մասնակցութեամբ մեծահռչակ արուեստագէտներու, ինչպէս նաեւ «Համազգային»ի երգչախումբին։
Աւարտին, բեմ հրաւիրուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան։ Ան իր ուրախութիւնը յայտնելով Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 30 ամեակի նշման առիթով՝ ըսաւ. «Ուրախ ենք, որ հպարտառիթ այս երեկոն մենք տօնախմբեցինք Ձերդ Սրբութեան՝ ներկայութեան՝ եւ միատեղ ընբոշխնեցինք ի պատիւ Ձեզի կազմակերպուած այս շքեղ՝ համերգը, որ Արեւմտեան Թեմի ուժերով եւ յատուկ կերպով պատրաստուած, նպատակ ունի Ձերդ Սրբութեան մեր շրջան Հովուապետական վեցերորդ այցելութիւնը եւ Ձերդ Գահակալութեան 30-ամեակը նշել շռնդալից կերպով ու գեղեցիկ արուեստով եւ յաւերժացնել պահը՝ Հովուապետ ու հօտ այս գեղեցիկ հանդիպման առթած սրտաբուխ, անկեղծ ու ցնծագին ապրումներով»։ Իր խօսքի աւարտին՛ յանուն Արեւմտեան հայոց Թեմի ժողովական կառոյցներուն, մարմիններուն, կազմակերպութիւններուն ու ժողովրդեան, աղօթք բարձրացուց առ ամենակալ Աստուած, որպէսզի երկինքը Նորին Սրբութեան պարգեւէ արեւշատ երկար օրեր ու լուսաշող բազում տարիներ, ու անոր ասային նուիրէ շէն ու ծաղկուն, բազում նոր ամեակներ։
Վերջապէս, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր հայրական խօսքով հանդէս եկաւ՝ շեշտելով եկեղեցւոյ ու եկեղեցականի առաքելութեան էութիւնը կազմող ծառայութիւնը. «եկեղեցին ծառայութիւն է իր էութեամբ ու առաքելութեամբ։ Ա՛յս գիտակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը գործէ, ա՛յս գիտակցութեամբ նաեւ անցնող 30 տարիներուն, որպէս Կաթողիկոս, Մենք գործեցինք ու ծառայեցինք եւ փորձեցինք միշտ հաւատարիմ մնալ Քրիստոսի խօսքին, թէ ան աշխարհ եկաւ ո՛չ թէ ծառայութիւն ստանալու, այլ ծառայելու համար»: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Վեհափառ Հայրապետին 30 ամեակը նշել կը նշանակէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան 30 տարիներու կեանքն ու գործունէութիւնը արժեւորել: Վեհափառ Հայրապետին ու Կաթողիկոսութեան երեսնամեայ գործունէութիւնը լուսարձակի տակ բերել կը նշանակէ ծառայական առաքելութեան մը արժեւորումը կատարել։ Ծառայական առաքելութիւն մը, որ եղաւ գերազանցօրէն ամբողջական, համապարփակ ու նպատակասլաց։ Ծառայական առաքելութիւն մը, որ յատկանշուեցաւ իր որակով ու յանձնառութեամբ։ Ծառայական առաքելութիւն մը, որ անդրանցաւ նոյնիսկ մեր Սուրբ Աթոռին սահմանները ու դարձաւ համահայկական, համաժողովրդային ու համազգային: Ծառայական առաքելութիւն մը, որ նոյնիսկ ներառեց միջազգայինը, յատկապէս միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական եւ նոյնիսկ պետական ու քաղաքական սահմանները:
«Զգացական պոռթկումներ չեն այս հաստատումները, այլ՝ փաստացի իրողութեան նշումներ: Բացէ՛ք վերջին 30 տարիներու պատմութիւնը մեր Սուրբ Աթոռին: Կարդացէ՛ք այն ինչ որ ըսուած է ու գրուած, յատկապէս մեր լուրերը: Կարդացէ՛ք այն ինչ որ չէ ըսուած ու չէ արտաբերուած, յատկապէս մեր արխիւները: Վստահաբար պիտի հաստատէք ու վկայէք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ո՛չ միայն Սփիւռքի հայութեան կեանքին մէջ կեդրոնական ներկայութիւն դարձած է, այլ նաեւ մեր համազգային կեանքին մէջ առանցքային ներկայութիւն դարձած է՝ ո՛չ սոսկ իր յստակ խօսքով ու ամուր կեցուածքով՝ մեր Հայրենիքն ու ազգը յուզող հարցերուն նկատմամբ, այլ նաեւ իր գործով ու նուիրումով՝ մեր Հայրենիքին ու ազգին արժէքներու ու իրաւունքներու պաշտպանութեան գծով: Այն իրագործումները, զորս կատարեցինք, Աստուծոյ փառք ու գոհութիւն կու տանք, որովհետեւ Իր օրհնութեամբ, օգնութեամբ ու պաշտպանութեամբ կատարեցինք: Հոն ուր թերացանք կամ սխալեցանք, թող Աստուած ներէ, որովհետեւ մեր կեանքին ու գործին նպատակը միշտ ձգտեցաւ ըլլալ Աստուածահաճոյ ու ժողովրդանուէր: Մեր ծառայական առաքելութեան արդիւնքներուն արժեւորումն ու գնահատանքը կը ձգենք մեր ժողովուրդին եւ պատմութեան, իսկ մեր ծառայական առաքելութեան քննական ու ինքնաքննական փորձը մենք է որ պէտք է կատարենք՝ որպէս Կաթողիկոս ու Կաթողիկոսութիւն, որպէսզի կարենանք կատարուածին ամբողջական քննարկումով կատարելիքը ճշդել: Կեանքը կաղապարուած ու զմռսուած իրականութիւն մը չէ, ան եղափոխութեան ու յեղափոխութեան մնայուն ընթացքի մէջ է, մանաւանդ համաշխարհայնացած ու ճարտարագիտութեամբ տիրապետուած ներկայ աշխարհին մէջ: Աշխարհ մը, ուր կ՚ապրի մեր ժողովուրդը եւ որուն անմիջական ազդեցութեան տակ կը գտնուի ամէն տեղ ու ամէն վայրկեան: Հետեւաբար, մեր մօտեցումները, մեր ըսելիքներն ու ընելիքները, մեր ծրագրումներն ու աշխատանքները պէտք է համապատասխանեն ներկայ աշխարհին ու մեր ժողովուրդի կեանքի պայմաններուն ու սպասումներուն»:
Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը յատուկ կերպով անդրադարձաւ արեւմտեան թեմի եւ Սուրբ Աթոռի բարերարներէն՝ Մհեր Տէր Օհաննէսեանի կարատած ազգանուէր եւ օրինակելի ծառայութիւններուն ու կատարած բարերարութիւններուն։ Նորին Սուրբ Օծութիւնը բարերար Տէր Օհաննէսեանի կատարած նիւթական ու բարոյական օժանդուկութիւններուն մասին խօսելով՝ զանոնք որակեց որպէս ծառայական հարազատ նկարագիրով դրոշմուած եւ իրագործուած բարերարութիւններ։ Արդարեւ, իբրեւ շօշափելի արտայայտութիւն անոր բերած ներդրումին մեր եկեղեցական ու ազգային կեանքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը Մհեր Տէր Օհաննէսեանի կուրծքը զարդարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանով։
.jpg)



