image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիոյ բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Դամասկոս

Թուրքիոյ բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Դամասկոս

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրը յայտնած է, որ դեկտեմբեր 22-ին թրքական բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Դամասկոս՝ քննարկելու երկկողմ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ քիւրտերու գլխաւորած «Սուրիոյ դեմոկրատական ​​ուժեր»-ու՝ Սուրիոյ պետական ​մարմնին համարկելու համաձայնագրի իրականացման առնչուող հարցեր։ Այս մասին յայտնած է Reuters-ը։

Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրը յայտնած է, որ Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Հաքան Ֆիտանը, պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլերը եւ Թուրքիոյ հետախուզական գործակալութեան ղեկավար (MİT) Իպրահիմ Քալընը պիտի մասնակցին Դամասկոսի մէջ կայանալիք բանակցութիւններուն։

Աղբիւրը նշած է, որ համարկման համաձայնագիրը «խորապէս կ՚առնչուի Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան առաջնահերթութիւններուն»։

Թուրքիան ԱՄՆ-ի կողմէ աջակցութիւն ստացող եւ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքի որոշ հատուածներ վերահսկող «Սուրիոյ դեմոկրատական ​​ուժեր»-ը կը համարէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն։ Թրքական կողմը նախազգուշացուցած է, որ եթէ քրտական ուժերը չպահպանեն համաձայնագիրը, ապա իրենք կրնան ռազմական գործողութիւններ իրականացնել։