Մենք տեղեկացանք ցաւալի լուրին մասին, որ Արշակ սրբազանը կալանաւորուած է անհիմն եւ շինծու մեղադրանքով, յայտարարած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. օդակայանին մէջ զինք դիմաւորելու եկած քաղաքացիներուն:
«Պատուիրեալ արդարադատութեամբ նրա համար սահմանուել է 2 ամիս կալանք»,- նշած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։
Ան նշած է, որ իրենց ուղերձներուն եւ յայտարարութիւններուն մէջ բազմիցս կոչ ուղղած են իշխանութիւններուն վերջ դնելու հակաեկեղեցական գործողութիւններուն եւ եկեղեցականներու նկատմամբ բռնաճնշումներուն:
«Հակառակ ստեղծուած կացութեան՝ նման եկեղեցահալած քաղաքականութեամբ մենք որպէս Հայրապետ հայոց եկեղեցական Ազգային ժողովի կողմից տրուած իշխանութեամբ մեր հոգեւոր դասի հետ միասին եկեղեցականաց հետ միասին պիտի շարունակենք մեր կոչմանն ու առաքելութեանը հաւատարիմ մեր ծառայութիւնը բերել ժողովրդին: Մենք հաւատում ենք, որ ձեզ հետ միասին մենք կարող պիտի լինենք արդարութիւնը ճշմարտութիւնը, սէրը, եղբայրութիւնը որպէս բարձրագոյն արժէքներ պահել հիմքը հայոց ազգի եւ այդ արժէքների վրայ ստեղծել մեր հայրենիքի լուսաւոր ու պայծառ օրը:
Մենք բազմիցս ըսած ենք որ դուք էք մեր եկեղեցու ուժն ու զօրութիւնը, ուրեմն հաստատուն մնացէք առ եկեղեցին ունեցած ձեր սիրոյ նուիրումի եւ հաւարտամութեան մէջ եւ Աստծոյ կամոք մենք պիտի կարողանանք յաղթահարել այս դժուարին ժամանակները եւ դուրս գալ այս վիճակից»,- դիմած է Վեհափառը «Զուարթնոց» օդակայան հաւաքուած քաղաքացիներուն: