20 Օգոստոսին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեանը հանդիպած է պաշտպանական գերատեսչութեան պատուէրով սնունդի պատրաստման եւ պահպանման ծառայութիւններ մատուցող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, կը տեղեկացնէ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը։
Հանդիպման ընթացքին ՀՀ ԶՈՒ թիկունքի վարչութեան եւ ՀՀ ՊՆ ռազմական ոստիկանութեան պատասխանատուները ներկայացուցած են իրականացուած ստուգումներու հետեւանքով արձանագրուած խախտումները, նշած, որ զօրամասերուն մէջ սնունդի որակն ու մատուցուող ծառայութիւնները, առանձին պարագաներու, չեն համապատասխաներ կազմակերպութիւններու հետ կնքուած պայմանագրերու պահանջներուն։
Պաշտպանութեան նախարարը խիստ քննադատութեան ենթարկած է զինծառայողներուն մատուցուող սնունդի պատրաստման եւ պահպանման ընթացքին խախտումներ թոյլ տուած կազմակերպութիւններուն եւ հրահանգած է ողջամիտ ժամկէտի մէջ լիարժէք կերպով վերացնել արձանագրուած բոլոր թերութիւնները։ Արշակ Կարապետեանը ռազմական ոստիկանութեան հրամայած է ամենօրեայ հսկողութիւն սահմանել ճաշարաններուն եւ սնունդի պահեստներուն մէջ, իսկ խախտումներ թոյլ տուած ընկերութիւններու դէմ կիրառել իրաւական ողջ գործիքակազմը։
Ամփոփելով հանդիպման արդիւնքները, Արշակ Կարապետեանն ընդգծած է, որ զինծառայողներուն մատուցուող սնունդի որակը եղած է եւ պիտի մնայ իր անմիջական հսկողութեան տակ եւ յորդորած՝ գիտակցելով Հայրենիքի պաշտպանութեան համար իր կեանքը վտանգող զինուորի ու սպայի ծառայութեան կարեւորութիւնը՝ անոնց սնունդի մատուցման հարցով ներդնել առաւելագոյն ջանք։