image
Հրատապ լուրեր:

Զոհուած է «Ուրուական» յատուկ ջոկատի հրամանատարը

Զոհուած է «Ուրուական» յատուկ ջոկատի հրամանատարը

«Ուրուական» անունով յայտնի ընտրելագոյն ստորաբաժանման ղեկավար, գնդապետ Ռոյ Լեւին երէկ զոհուած է պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ խմբաւորման զինեալներու հետ հարաւային Ռէյմ համայնքին մէջ մարտերու ժամանակ, յայտնած է Times of Israel-ը։

«Ան խիզախօրէն կը ղեկավարէր իր խումբը՝ Ռէյմի մէջ առաջինը մտնելով կռիւի մէջ, որ փրկէ քաղաքացիները, որոնք պաշարուած էին իրենց տուներուն մէջ», -ըսուած է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի յայտարարութեան մէջ:

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի տուեալներով, փոխհրաձգութեան ժամանակ սպանուած է մօտ 10 պաղեստինցի զինեալ։ Աւելի ուշ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը հրապարակեց եւս 17 զինուորականներու անուններ, որոնք զոհուած էին երկրի հարաւը տեղի ունեցող մարտերու ընթացքին: