image

Զոհողութիւնը զոհաբերման վերածել

Զոհողութիւնը զոհաբերման վերածել

Բայց երբ խօս­քը կը վե­րաբե­րի ու­սուցի­չի ամ­սավճա­րին, իս­կոյն կը մտա­բերեն այդ նո­ւիրեալ աշ­խա­տան­քին հա­մար զո­հողու­թեան անհրա­ժեշ­տութիւ­նը։ Զո­հողու­թիւնը կը պա­հան­ջեն նոյն ինքն զո­հէն։

Այս հաս­կա­ցողու­թեան հե­տեւան­քով մեր դպրոց­նե­րէ ներս զգա­լիօրէն նո­ւազ են ու­սուցիչ­նե­րը, բաղ­դատմամբ ու­սուցչու­հի­ներու։ Դար­ձեալ տի­րող ընդհա­նուր հա­մոզու­մով կի­ներու վաս­տա­կը աւե­լի քիչ նշա­նակու­թիւն ու­նի այ­րե­րու փո­խարէն։

Եթէ ակնկա­լու­թիւն ու­նինք դպրո­ցէն, պար­տա­ւոր ենք բարձր գնա­հատե­լու ու­սուցի­չի վաս­տա­կը։

Զո­հողու­թիւնը կա­մաւոր վարք մըն է։ Եթէ պար­տադրո­ւի կա­տարո­ւածը ոչ թէ զո­հողու­թիւն, այլ զո­հաբե­րում կը դառ­նայ։ Իբ­րեւ հա­ւաքա­կանու­թիւն խու­սա­փինք ման­կա­վար­ժը զո­հաբե­րելէ։

Բոլոր աշ­խա­տանքնե­րը չէ որ յա­տուկ նո­ւիրու­մի կը կա­րօտին։ Ան­շուշտ որ ար­դար վաս­տա­կի տի­րանա­լու հա­մար ան­հա­տը ստի­պուած է իր աշ­խա­տան­քը բա­րեխղճօ­րէն կա­տարե­լու։ Եթէ պակ­սի աշ­խա­տան­քի հան­դէպ լուրջ մեր­ձե­ցու­մը, հե­տեւանքնե­րը ան­կանխա­տեսե­լիօրէն սուղ կրնան ար­ժել։

Այս ընդհա­նուր հաս­տա­տու­մէն վեր են կարգ մը աս­պա­րէզ­ներ, որոնց հե­տեւան­քը շատ աւե­լի լուրջ պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ։

Այդպի­սինե­րէն են բժշկա­գիտու­թիւնը, սկսե­լով բժիշ­կէն դէ­պի բուժքոյր եւ աս­պա­րէզի բո­լոր պաշ­տօննե­րը, նո­ւիրեալ աշ­խա­տանք կը պա­հան­ջեն։

Նոյնպէս նո­ւիրում պա­հան­ջող աշ­խա­տանքնե­րէն է ման­կա­վար­ժութիւ­նը։ Ու­սուցի­չը նո­ւիրու­մով կը կա­տարէ իրեն վստա­հուած պար­տա­կանու­թիւնը, որն է սե­րունդներ դաս­տիարա­կել։

Այս հաս­տա­տումնե­րը հա­մատա­րած կեր­պով ըն­դունե­լու­թիւն կը գտնեն ըն­կե­րու­թեան մէջ։ Բո­լորը հա­մաձայն են ու­սուցչի կամ բժիշ­կի, բուժքոյ­րի տա­րած աշ­խա­տան­քի գնա­հատ­ման մէջ։

Խնդի­րը այն է թէ այդ գնա­հատա­կանը սահ­մա­նուած է միայն բա­րոյա­կան լո­լոզու­մով։ Ան­դին կը մնայ կեան­քի էական պար­տադրան­քը։ Ապ­րուստը սուղ է բո­լորին հա­մար։ Վեր­ջա­պէս այդ նո­ւիրեալ­նե­րը քար չեն ու­տեր։ Անոնք ալ կը տա­ռապին սղա­ճի պայ­մաննե­րէն եւ իրենց աշ­խա­տավար­ձով է որ պի­տի դի­մագ­րա­ւեն բո­լոր տե­սակի դժո­ւարու­թիւննե­րը։

Անար­դար է ապ­րուստի հո­գով տա­ռապող ու­սուցի­չէն յա­ւելեալ զո­հողու­թիւն պա­հան­ջել։ Օրի­նակ բե­րենք մեր հա­մայնքա­յին վար­ժա­րան­նե­րը, անոնց գոր­ծա­տէրի հան­գա­մանք ստա­ցած վար­չա­յին­նե­րը եւ աշ­խա­տողի դիր­քին մէջ ալ ու­սուցիչ­նե­րը։

Խնա­մակա­լը կամ թա­ղակա­նը իր խնա­մած դպրո­ցի յա­րատե­ւու­թիւնը ապա­հովե­լու հա­մար չի կրնար հրա­ժարիլ ելեկտրա­կան հո­սան­քի փո­խար­ժէ­քը հա­տու­ցե­լէ։ Նոյնպէս չի կրնար խու­սա­փիլ կա­զի յա­ճախա­կի յա­ւելում տե­սած սա­կերը վճա­րելէ։ Կա­ռավա­րու­թեան պա­հան­ջած հար­կե­րու հան­դէպ նոյնպէս ճա­րահատ է ան։ Աւե­լին՝ եթէ ոչ ամէն տա­րի, գո­նէ եր­կու տա­րին ան­գամ մը պար­տա­ւոր կ՚ըլ­լայ դպրո­ցի շէն­քը, բո­լոր դա­սարան­նե­րը վե­րամու­տէն առաջ ներ­կե­լու եւ բա­րեզար­դե­լու։ Նոյնպէս ուսման հա­մակար­գի պա­հան­ջած բա­րեկար­գումնե­րու հա­մար ալ ստի­պուած է որոշ գու­մար հայ­թայթե­լու։

Բայց երբ խօս­քը կը վե­րաբե­րի ու­սուցի­չի ամ­սավճա­րին, իս­կոյն կը մտա­բերեն այդ նո­ւիրեալ աշ­խա­տան­քին հա­մար զո­հողու­թեան անհրա­ժեշ­տութիւ­նը։ Զո­հողու­թիւնը կը պա­հան­ջեն նոյն ինքն զո­հէն։

Այս հաս­կա­ցողու­թեան հե­տեւան­քով մեր դպրոց­նե­րէ ներս զգա­լիօրէն նո­ւազ են ու­սուցիչ­նե­րը, բաղ­դատմամբ ու­սուցչու­հի­ներու։ Դար­ձեալ տի­րող ընդհա­նուր հա­մոզու­մով կի­ներու վաս­տա­կը աւե­լի քիչ նշա­նակու­թիւն ու­նի այ­րե­րու փո­խարէն։

Եթէ ակնկա­լու­թիւն ու­նինք դպրո­ցէն, պար­տա­ւոր ենք բարձր գնա­հատե­լու ու­սուցի­չի վաս­տա­կը։

Զո­հողու­թիւնը կա­մաւոր վարք մըն է։ Եթէ պար­տադրո­ւի կա­տարո­ւածը ոչ թէ զո­հողու­թիւն, այլ զո­հաբե­րում կը դառ­նայ։ Իբ­րեւ հա­ւաքա­կանու­թիւն խու­սա­փինք ման­կա­վար­ժը զո­հաբե­րելէ։

 

Բագրատ Էսդուգեան

Նիւթը՝ «Ակօս»էն