image

Պոլսոյ մէջ. Միջ վարժարանային նկարչական մրցումի ամփոփումը

Պոլսոյ մէջ. Միջ վարժարանային նկարչական մրցումի ամփոփումը

Օրերս Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած է «Քրիստին Սալէր»ի անունը կրող միջվարժարանային մրցումներու ամփոփումը, ուր յայտարարուած են գլխաւոր յաղթողները։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝ 

«Քրիստին Սալէրի» վագըֆին կողմէ կազմակերպուած միջ-վարժարանային նկարչական մրցումի յաղթողներու անունները յայտնի դարձան Շաբաթ օր, 11 Մայիսին, Մխիթարեան վարժարանի սրահին մէջ սարքուած մրցանակաբաշխութեան ընթացքին։ Ինչպէս ծանօթ է, 27 Ապրիլին տեղի ունեցած էր բուն մրցումը եւ առտուայ ժամը 11էն սկսեալ մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 16.00, համայնքային մեր վարժարաններու նախակրթարանի, միջնակարգի եւ լիսէի բաժնի խումբ մը աշակերտներ, որոնք նկարչական ձիրքեր ունէին՝ մասնակցութիւն բերած էին անմոռանալի Քրիստին Սալերիի յիշատակին ձօնուած մրցաշարքին։

Իններորդ անգամ է որ տղաքը համախմբուեցան այս նպատակին համար եւ հանդէս եկան երեք դասաւորումներուն մէջ։

Շաբաթ օրուայ մրցանակաբաշխութիւնը իր ներկայութեամբ պատուեց Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան։ Ներկայ էին նաեւ մասնակից վարժարաններու տնօրէնուհիներ, նկարչութեան ուսուցիչներ եւ ընտանիքներ։ Տանտէրը Մխիթարեան Սանուց Միութիւն էր։

Օրին գրած էինք որ նախակրթարանի 1-4րդ դասարաններու մասնակիցներու թիւը 32 հոգի էր, միջնակարգի 5-8րդ դասարաններու մասնակիցներու թիւը 31 հոգի, լիսէի 9-12րդ դասարաններու մասնակիցներու թիւը՝ 15 հոգի։ Դատակազմին մէջ էին՝ Ռեհան Սարըպայ (Քրիստին Սալերի հիմնարկի ներկայացուցիչ), Մայտա Սարիս (արուեստի խորհրդատու), Արթին Տէմիրճի (նկարիչ), Ռուբէն-Էրօլ Քիւրքչիւօղլու (նկարիչ), Ժպիտ Պէրպէրեան (նկարիչ) եւ Իտա Գահրաման (նկարիչ)։

Նախակրթութեան բաժնի մէջ առաջին եռեակը կազմեցին՝

Թոպիաս Կիւնայ (Սահակեան-Նունեան)

Բարինկ Տէմիր (Եշիլգիւղ)

Նարինէ Սարգսեան (Հրանդ Տինք)

Յիշատակութեան արժանի նկատուեցան՝ Միլա Տաքաթ (Բանկալթը Մխիթարեան) եւ Նոյեան Եըլտըզ (Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարան)

Միջնակարգի մէջ լաւագոյն եռեակի մէջ տեղ ունեցան՝

Սարին-Ատա Աշըքլար (Մէրամէթճեան)

Քրիս Շէփիքլեան (Արամեան-Ունճեան)

Արաս Սարաչօղլու (Բանկալթը Մխիթարեան)

Յիշատակութեան արժանի նկատուեցաւ Արաս Պոյաճըօղլու (Բանկալթը Մխիթարեան)

Լիսէի բաժնի մէջ լաւագոյններն էին՝

Նորա Տաւուլճեան (Բանկալթը Մխիթարեան)

Նիքոլ Քազիքօղլու (Բանկալթը Մխիթարեան)

Արեւ Սէթեան (Կեդրոնական)

Յիշատակութեան արժանի՝

Ասիա Յակոբեան (Էսաեան) եւ Իզլա Աճար (Կեդրոնական)

Նանսէն Սալէրի յատուկ մրցանակի արժանի նկատուեցաւ Սահակեան Նունեան վարժարանէն Հայկ Չալըշ։

Կը շնորհաւորենք բոլոր մրցանակակիրները եւ կազմակերպիչները։