image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Հայելային վերահսկողութիւններու առաջարկներ

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Հայելային վերահսկողութիւններու առաջարկներ

Անգարայի հեռակառավարումով Պաքուն երկակի չափանիշերով կը խաղայ Մոսկուայի հետ. Մոսկուան անվերջ նոյեմբերեան եռակողմին յղում կը կատարէ: Թեհրանը անհանդուրժողականութիւն կը ցուցաբերէ սահմանային կարգավիճակի որեւէ փոփոխութեան: Արեւմուտքը փուլ առ փուլ ռուսական գործօնի չէզոքացման գործողութիւններ կ՛իրականացնէ: Երեւանը լուռ է եւ կը տուայտի այս բոլոր գործընթացներուն մէջ, առանց յստակացնելու իր արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններն ու գերակայ ուղղութիւնները: Որոնց ելակէտը պէտք է ըլլայ Հայաստանի պարագային ամէն գործընթացէ առաջ հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներէ ազրպէյճանական զօրքերու հեռացումը եւ Արցախի պարագային ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի համար միջազգային երաշխիքներու ապահովումը:

 

 

ՔՈՓ29 եւ կանաչ տեսլականը միջազգային ֆորումի ընթացքին Ազրպէյճանի նախագահին կատարած յայտարարութիւնները քանի մը ուշագրաւ առանցքներ ներառած էին:

Հայկական կողմը խաչմերուկի իր առաջադրանքը կ՛ուզէ իրականացնել տարածաշրջանէն շատ հեռու գտնուող երկիրներու հետ: Առանց Ազրպէյճանի հետ այս նախագիծերը համաձայնեցնելու, անկարելի է խաչմերուկի առարկայացումը:

Այստեղ կը թուի, որ ուղերձը այն է, որ Երեւանը պէտք է Պաքուի կողմէ ճշդուած կանոններու հիման վրայ յանգի խաղաղութեան համաձայնագիրին:  Հանգոյցը սակայն յայտնաբար միայն Ազրպէյճանին հետ համաձայնիլը չէ:

Այստեղ յստակ ուղերձ կայ Ռուսիոյ. երբ կ՛ըսուի, որ հայկական կողմը, տարածաշրջանէն շատ հեռու գտնուող երկիրներու հետ կ՛ուզէ իրականացնել իր ծրագիրները, նախ եւ առաջ Ռուսիոյ ուղղուած ուղերձ է: Մօտաւորապէս նոյն յորդորը կը հնչեցնէր Մոսկուայի ներկայացուցիչը, տարբեր առիթներով:

Կը շարունակուի ռուսական գործօնի առանցքային դեր վերապահելու Պաքուի մարտավարութիւնը: Ազրպէյճանի ղեկավարը յղում կը կատարէ նոյեմբերեան եռակողմին, զայն յարգելու հրամայականին:

Եռակողմը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Մոսկուայի միջնորդութեան եւ երաշխաւորութեան ստանձնումի իրաւական փաստաթուղթը, որ յատկապէս սեպտեմբերեան պատերազմական գործողութիւններէն ետք ըստ էութեան եւ իրողապէս չեղեալ նկատուած է: Տարբեր խնդիր, որ Պաքուն մինչ այդ ալ չէր յարգած եռակողմի կէտերը: Ռուսական կողմն ալ չէր իրականացուցած իր ստանձնած խաղաղապահ առաքելութիւնը:

Հիմա եռակողմը վերակենդանացնելու պահանջ կը ներկայացնէ Ազրպէյճանը: Հիմնականին մէջ խօսքը 9-րդ կէտին մասին է: Պաքուի մարտավարական խաղերուն մէջ երկակի չափանիշեր կան: Այսպէս. ըստ Ալիեւի` «Ցամաքային Ազրպէյճանէն Հայաստանի տարածքով Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան ցամաքային մուտքը պէտք է ապահովուի միջազգային վերահսկողութեան եւ անվտանգութեան մեքանիզմով (ընդգծումը` մեզմէ): Եթէ հիմա, տարբեր պատճառներով հայկական կողմը չ՛ուզեր, որ Ռուսիոյ դաշնութեան սահմանապահ ծառայութիւնը իրականացնէ այդ վերահսկողութիւնը, թող բացայայտ ըսեն այդ մասին»: Վերստին կը յիշեցնէ պայմանաւորուածութիւնը` աւելցնելով, որ յայտարարութեան մէջ թէեւ միջանցք բառը չկայ, այդուհանդերձ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը ստորագրած է ռուսական վերահսկողութեամբ այդ ճանապարհը բանալու կէտին տակ:

9-րդ կէտին մէջ միջազգային վերահսկողութեան եւ անվտանգութեան գործիքակազմի մասին խօսք չկայ. կայ բացառապէս ռուսական վերահսկողութիւն: Հիմա Ազրպէյճանի նախագահը խուսանաւում կը կատարէ: Վերահսկողութեան գործառոյթի նոր ձեւաչափի մասին նշում կը կատարէ, ապա ռուսական սահմանապահ ծառայութեան մերժումի պատասխանատուութիւնը կը վերագրէ հայկական կողմին: Մոռնալով, որ վերահսկողութեան բաղադրութեան փոփոխութեան առաջարկը ինքնին եռակողմի չեղեալ նկատումի տանող քայլ է. կամ առնուազն հիմնական փոփոխութեան:

Միջազգային վերահսկողութեան եւ գործիքակազմի մասին կատարուած այս նոր ձեւակերպումը հայելային տրամաբանութիւն կը յուշէ: Եթէ Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի պահանջը կը պայմանաւորուի Արցախի մէջ միջազգային նոր երաշխաւորութեան գործիքակազմով, ապա ատոր դիմաց Նախիջեւան եւ  Ազրպէյճան կապը եւս պէտք է վերահսկուի նման երաշխիքակազմով:

Ազրպէյճան ըստ էութեան Արեւմուտքի խաղն է, որ կը խաղայ այս ձեւով, որովհետեւ նման ձեւաչափի իրականացումը պարզապէս ռուսական գործօնի դուրս մղումն է նոր միջանցքէն: Ազրպէյճան այս մարտավարութեան կը դիմէ հայկական կողմը հակադրելով ռուսականին` ըսելու համար, որ եռակողմը Երեւանն է, որ չի յարգեր եւ եթէ ռուսական վերահսկողութեան համաձայն չէ, պէտք է այդ մասին պաշտօնապէս յայտարարէ, որպէսզի անցնին նոր միջազգային գործիքակազմի մասին բանակցելու:

Ռուսական վերահսկողութեամբ բացուելիք ճանապարհին արգելակման առումով մինչ այժմ կը համընկնին Իրանին եւ Արեւմուտքին մօտեցումները: Իրանի պարագային կը մերժուի ընդհանրապէս օտար ուժի տեղակայումը իր սահմանամերձ շրջաններուն մէջ, մինչ Արեւմուտքը դէմ է ռուսական զօրքի տեղակայման: Ալիեւի նշած միջազգային երաշխիքը կը չէզոքացնէ այդ համընկնումի կէտը:

Անգարայի հեռակառավարումով Պաքուն երկակի չափանիշերով կը խաղայ Մոսկուայի հետ. Մոսկուան անվերջ նոյեմբերեան եռակողմին յղում կը կատարէ: Թեհրանը անհանդուրժողականութիւն կը ցուցաբերէ սահմանային կարգավիճակի որեւէ փոփոխութեան: Արեւմուտքը փուլ առ փուլ ռուսական գործօնի չէզոքացման գործողութիւններ կ՛իրականացնէ: Երեւանը լուռ է եւ կը տուայտի այս բոլոր գործընթացներուն մէջ, առանց յստակացնելու իր արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններն ու գերակայ ուղղութիւնները: Որոնց ելակէտը պէտք է ըլլայ Հայաստանի պարագային ամէն գործընթացէ առաջ հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներէ ազրպէյճանական զօրքերու հեռացումը եւ Արցախի պարագային ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի համար միջազգային երաշխիքներու ապահովումը:

 

«Ա.»