«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման շուրջ բանակցութիւնները պէտք է ընթանան միջազգային իրաւունքին համապատասխան», յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան հարցերու բաժնի ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւը:
«Այդ համաձայնագիրը պէտք է հիմնուած ըլլայ միջազգային իրաւունքի հիմնարար կանոններու եւ սկզբունքներու վրայ, մասնաւորապէս` երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան սկզբունքներու», ըսած է ատրպէյճանցի պաշտօնեան:
Հաճիեւի խօսքով` տարածաշրջանը նոր ռազմավարութեան կարիք ունի, եւ Պաքուն պատրաստ է դերակատարում ունենալու Հարաւային Կովկասի համալրուած տարածաշրջանի կառուցման գործին մէջ․ «Ատրպէյճանը գործընկերներու եւ հարեւան երկիրներու հետ կ'աշխատի Հարաւային Կովկասը հակամարտութիւններէ եւ պատերազմներէ զերծ տարածաշրջանի վերածելու ուղղութեամբ եւ կը ձգտի ապահովել, որ Հարաւային Կովկասը կողմնորոշուի դէպի համալրում, տարածաշրջանային համագործակցութիւն` հիմնուած փոխշահաւէտ յարաբերութիւններու վրայ»:
Ատրպէյճանի նախագահին խորհրդականը նշած է, որ տարածաշրջանին մէջ բացուող նոր ճանապարհային միջանցքները, «մասնաւորապէս` Զանգեզուրի միջանցքը, կրնան Հայաստանը դուրս բերել շրջափակումէ եւ դարձնել զարգացած ցամաքային կապեր ունեցող երկիր»:
Ատրպէյճանի հետ միասին Թուրքիան եւս ջանքեր կը գործադրէ Կովկասի մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ապահովելու համար: «Ատրպէյճանն ու Թուրքիան` «երկու պետութիւն` մէկ ազգ», կը գործադրեն բոլոր ջանքերը Կովկասի մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ապահովելու համար», յայտնած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարը եւ կրկնած` Էրտողանն ու Ալիեւը խաղաղութեան ձեռք մեկնած են Հայաստանին եւ կը սպասեն պատասխանի: «Մեր ջանքերն ուղղուած են ոչ միայն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ, այլ նաեւ ամբողջ Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման», ըսած է Աքար: