Իրանի «Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատ»ի ներկայացուցիչները դիտարկած են Ուաշինկթընի «Ֆորտ ՄաքՆէյր» ռազմակայանի դէմ յարձակում իրականացնելու տարբերակը՝ որպէս պատասխան իրանցի զօրավար, «Ֆայլաք ալ քուտս» յատուկ ստորաբաժանման հրամանատար Քասեմ Սուլայմանիի սպանութեան:
Ինչպէս կը հաղորդէ Associated Press-ը՝ յղում ընելով ԱՄՆ հետախուզութեան իր աղբիւրներուն, յունուարին Ազգային անվտանգութեան գործակալութեան որսացած տուեալներուն համաձայն՝ Իրանի «Ֆայլաք ալ քուտս» ստորաբաժանման ներկայացուցիչները կը քննարկէին ռազմակայանի ուղղութեամբ իրականացուելիք յարձակման մանրամասները: Ըստ այդ տուեալներուն՝ կը նախատեսուէր յարձակում իրագործել ամերիկեան USS Cole նաւի դէմ, նոյն այն ոճով, ինչպէս 2000 թուականին պայթեցուցած էին Ատանի նաւահանգիստը:
Բացի այդ, գործակալութեան զրուցակիցները պնդած են, որ Իրանը կը սպառնար նաեւ ԱՄՆ բանակի ԳՇ փոխղեկավար Ժոզեֆ Մարինին, որու նստավայրը կը գտնուի «Ֆորտ ՄաքՆէյր»-ում:
Յիշեցնենք, որ զօրավար Սուլայմանին սպաննուած է 2020 թուականի 3 յունուարին Պաղտատի օդակայանի ուղղութեամբ եղած ամերիկեան օդային հարուածի հետեւանքով: