Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւն ընդունած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտեոն Սաարը, հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
Կողմերն ընդգծած են երկիրներու միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ, այդ շարքին՝ առեւտրատնտեսական, ուժանիւթի, զբօսաշրջութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ յարաբերութիւններու յաջող զարգացումը: Նշուած է գիւղատնտեսութեան, ջրային միջոցներու կառավարման, բարձր արհեստագիտութիւններու, արհեստական բանականութեան ոլորտներու մէջ համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուած է տարբեր մակարդակներու վրայ փոխադարձ այցելութիւններու եւ շփումներու ներդրման ուղղուած համագործակցութեան խորացման գործին:
Իսրայէլի Արտաքին Գործոց նախարարը դրուատիքով խօսած է Ալիեւի մասին
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտեոն Սաարը շնորհաւորած է Ատրպէյճանիը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջնորդութեամբ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ գրանցուած առաջընթացի կապակցութեամբ։ Այս մասին հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է, որ ձեռք բերուած արդիւնքները հնարաւոր դարձած են Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հաւասարակշռուած ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան շնորհիւ։ Ան նշած է, որ առանց նախագահ Իլհամ Ալիեւի իմաստուն քաղաքականութեան տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն պիտի չըլլայ։
Սաարը նաեւ նշած է, որ Ատրպէյճանի զարգացումն ու բարգաւաճումը ակնյայտ են։ Ան յատկապէս ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի մէջ հրէական համայնքը կը վայելէ կայունութիւն եւ անվտանգութիւն։