image
Հրատապ լուրեր:

Հոգեւոր նոր ճանապարհի սկիզբ՝ Զմմառու մայրավանքին մէջ երեք կիսասարկաւագի ձեռնադրութիւն

Հոգեւոր նոր ճանապարհի սկիզբ՝ Զմմառու մայրավանքին մէջ երեք կիսասարկաւագի ձեռնադրութիւն

Օրերս Հայ Կաթողիկէ Զմմառու պատմական մայրավանքին մէջ հոգեւոր ուրախութեան եւ օրհնութեան մթնոլորտ մը կը տիրէր, երբ երեք ժառանգաւորներ իրենց առաջին նուիրական քայլը կատարեցին դէպի եկեղեցական ծառայութեան բարձրագոյն հանգրուանները։

Զմմառու մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ կիսասարկաւագական հանդիսաւոր ձեռնադրութիւն։

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան պատմական մայրավանքը դարձեալ հոգեւոր մեծ բերկրանքի եւ օրհնութեան թատերաբեմ դարձաւ։

Շաբաթ, 8 Օգոստոսին, երեկոյեան, Զմմառու «Փոխման Ս. Կոյսին» մայր եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ տեղի ունեցաւ կիսասարկաւագական հանդիսաւոր ձեռնադրութիւն՝ միաբանութեան հայրերու, Դպրեվանքի սաներու, ձեռնադրեալներու ծնողներուն եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին, ձեռամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տիրոջ, կիսասարկաւագական ձեռնադրութիւն ստացան Ս. Իգնատիոս Մալոյեան Դպրեվանքի արժանաւոր ժառանգաւորներ՝ Յովիկ Գոյունեան, Յակոբ Ժամկոչեան եւ Աբրահամ Իսահակեան։

Արարողութեան ընթացքին ձեռնադրիչ Հայրապետը նորօծ կիսասարկաւագներուն արտօնեց մասնակցիլ եկեղեցական արարողութիւններուն, Ս. Գիրքէն ընթերցումներ կատարել եւ Ս. Խորանին սպասարկող սարկաւագներուն ու քահանաներուն աջակցիլ։

Հոգեւոր Տէրը, իր սրտի խօսքը փոխանցելով նորօծ կիսասարկաւագներուն, ըսաւ.

«Այս նուիրական աստիճանը կարեւոր նախապատրաստական հանգրուան մըն է դէպի սարկաւագական, ապա՝ քահանայական բարձրագոյն ծառայութեան։ Ձեզի կը մնայ սոյն նուիրական ձեռնադրութիւնը անաղարտ եւ անեղծ պահելով՝ հասնիլ քահանայութեան եւ ծառայել Ս. Խորանին»։

Հոգեպարար արարողութենէն ետք, Ս. Իգնատիոս Մալոյեան Դպրեվանքի եւ Ս. Միքայէլ Ընծայարանի սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ եղբայրական հացկերոյթ՝ ի պատիւ նորօծ կիսասարկաւագներուն։

Մեծաւոր Հօր, Ժառանգաւորաց Տեսուչ Գեր. Հ. Կարապետ Վրդ. Գլընճեանի եւ Զմմառու մայրավանքի վարչական հայրերուն հետ միասին, նորօծ կիսասարկաւագները բեկանեցին օրուան կարկանդակը։

Առիթով մը, Գերպծ. Մաշտոց Թ. Ծ. Վ. Զահթէրեան իր խրատական պատգամը ուղղեց միաբանակից կիսասարկաւագներուն՝ շեշտելով, որ ձեռնադրութիւնը հոգեւոր ճանապարհի վսեմ հանգրուան մըն է, որ կը պահանջէ մշտական աչալրջութիւն, մտքի եւ հոգիի լարում ու խորին պատասխանատուութիւն՝ դիմակայելու եւ վերահսկելու իրենց կոչման դէմ հիւսուած որոգայթները։

Ապա ան յորդորեց հետեւիլ չորս հիմնական պատուիրաններու.

1. Զգուշութիւն՝ իւրաքանչիւր քայլի եւ որոշումի նկատմամբ։

2. Զգօնութիւն՝ եկեղեցւոյ եւ նուիրական ծառայութեան մէջ տեղ գտնող որեւէ անհոգութեան դէմ։

3. Հսկողութիւն՝ շրջահայեաց, օրինակելի եւ խոնարհ վերաբերմունք ցուցաբերելով շրջապատին հանդէպ։

4. Նուիրում՝ իրենց վստահուած պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնները ամենայն բծախնդրութեամբ եւ հաւատարմութեամբ կատարելու մէջ։

Մեծաւոր Հայրը իր խօսքը եզրափակեց՝ ջերմօրէն շնորհաւորելով նորօծ կիսասարկաւագները, անոնց ծնողներն ու միաբանութեան բոլոր հայրերը։

Ներկաները իրենց սրտագին բարեմաղթանքներն ու շնորհաւորանքները փոխանցեցին նորօծ կիսասարկաւագներուն՝ մաղթելով անոնց արդիւնաշատ ընթացք եւ աստուածային իմաստութիւն՝ դէպի քահանայական Ս. Օծում առաջնորդող իրենց նուիրական ճանապարհին վրայ։

Յիշատակի լուսանկարով աւարտեցաւ այս հոգեպարար եւ օրհնաբեր ձեռնադրութեան արարողութիւնը։