image
Հրատապ լուրեր:

Զելենսքին կը յորդորէ Արեւմուտքին անվտանգութեան երաշխիքներ տալ Ուքրանիոյ

Զելենսքին կը յորդորէ Արեւմուտքին անվտանգութեան երաշխիքներ տալ Ուքրանիոյ

Ուքրանիոյ նախագահը կը յորդորէ Արեւմուտքին անվտանգութեան երաշխիքներ տալ իր երկրին:

«Խօսքը ՆԱԹՕ-ն պատերազմի մէջ ներքաշելու մասին չէ: Իրականութեան մէջ բոլորն ալ վաղուց արդէն ներքաշուած են լայնածաւալ պատերազմի մէջ, եւ ոչ թէ Ուքրանիոյ, այլ` Ռուսաստանի կողմէ», ըսած է Վոլոտիմիր Զելենսքին:

Ուքրանիոյ դէմ ռուսական յարձակման մեկնարկէն յետոյ արեւմտեան երկիրները մեծածաւալ զէնք-զինամթերք ուղարկած են այդ երկիր եւ մինչ օրս չկիրառուած պատժամիջոցներ սահմանել Փութինի վարչակազմին դէմ: Ուքրանիոյ առաջնորդը, սակայն, պնդած է, որ այդ բաւարար չէ:

«Եթէ մեր դաշնակիցները պատրաստ չեն Ուքրանիան դարձնելու ՆԱԹՕ-ի անդամ այն պատճառով, որ Ռուսաստանը այդ չ'ուզեր, ապա պէտք է անվտանգութեան երաշխիքներ ստեղծեն: Այդ կը նշանակէ, որ մեր տարածքային ամբողջականութիւնը, մեր սահմանները պէտք է պաշտպանուին, մենք յատուկ յարաբերութիւններ ունենանք մեր բոլոր հարեւաններուն հետ եւ ըլլանք լիակատար անվտանգ», ըսած է Զելենսքին` շարունակելով. «Շատ կարեւոր է իմանալ` եթէ Ուքրանիան իյնայ, այդ բոլոր ռուսական զօրքերը պիտի ըլլան Ձեր` ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու սահմաններուն, եւ դուք պիտի կանգնիք նոյն խնդիրին առաջ»:

Ուքրանիոյ առաջնորդը նաեւ յորդորած է Արեւմուտքին «ոչ թռիչքային գօտի» սահմանել, միաժամանակ նած էլ, որ ԱՄՆ նախագահը իրեն անձամբ փոխանցած, որ առայժմ նման քայլի երթալու ժամանակը չէ: