image

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութիւնն այնքան խնդրայարոյց չէ, որքան կարելի է ենթադրել․ Միրզոյեան

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութիւնն այնքան խնդրայարոյց չէ, որքան կարելի է ենթադրել․ Միրզոյեան

Եթէ մենք յաջողինք բեկում ապահովել Թուրքիոյ հետ, ապա այդ բեկումը, անկասկած, հսկայական դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վրայ: Այս գնահատականը յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը։ «Երեւանեան երկխօսութիւն» երկրորդ միջազգային համաժողովի շրջածիրէն ներս Միրզոյեանը նաեւ նշած է, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ երկխօսութիւնն այնքան խնդրայարոյց չէ, որքան կարելի է ենթադրել:

«Եւ այժմ մենք հասել ենք այն կէտին, որտեղ միակ բանը, որ կանգնած է այսօրուայ եւ վաղուայ միջեւ, երբ կարող են հաստատուել դիւանագիտական յարաբերութիւններ մեր երկու երկրների միջեւ, սահմանները վերջապէս բացուել, եւ կապի խնդիրը լուծուել՝ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ բանակցութիւնների եւ երկխօսութեան ոչ լիովին աւարտուած վիճակն է»,-ըսած է Միրզոյեանը:

Արտաքին գործոց նախարարն ընդգծած է, որ երկխօսութիւնը Թուրքիոյ հետ Հայաստանը սկսած է՝ հաշուի առնելով, որ գործընթացը պէտք է տեղի ունենայ առանց որեւէ նախապայմանի:

Միրզոյեանը նշած է, որ մեծ ջանքեր գործադրուած են՝ խօսելու Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման, Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններու խորացման մասին։ Անոր կարծիքով, եթէ հիմա չապահովուին իրական, շօշափելի արդիւնքներ, ապա այս պահը, այս «դրական շարժը» կ՚անհետանայ։

«Կարծում եմ՝ ոչ միայն մէկ, ոչ միայն երկու կամ հինգ տարի կը պահանջուի, այլ, գուցէ, մի ամբողջ սերնդի փոփոխութիւն՝ առնուազն մեր դէպքում, մեր տարածաշրջանում, որպէսզի հնարաւոր լինի վերականգնել այս երկխօսութիւնը, այս համագործակցութիւնը, որի ներուժն իսկապէս գոյութիւն ունի՝ թէ՛ Ադրբեջանի, թէ՛ Թուրքիայի հետ։ Եւ մենք այսօր իսկապէս շատ, շատ մօտ ենք այդ հնարաւորութեանը։ Ուստի, կարծում եմ՝ սա թերեւս միակ միտքն է, միակ շեշտադրումը, որտեղ հարկ եմ համարում անհամաձայնութիւն յայտնել»,-ըսած է Միրզոյեանը։

Անդրադառնալով Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններուն, Միրզոյեանը նշած է, որ մեծ ակնկալիք կայ այդ գործընթացէն։

«Մենք կարող ենք ակնկալիքներ ունենալ, բայց միգուցէ դա այդպէս չէ եւ դա չէ եւրոպական կողմից պատրաստուածութիւնը։ Այսպիսով, մենք պէտք է հասկանանք, թէ որտեղ են մեր տեսլականները համընկնում։ Եւ եթէ այդ տեսլականներն իսկապէս համընկնում են, ապա անհրաժեշտ է հասկանալ՝ ինչպէս պէտք է գործել, ինչպէս պէտք է միասին պլանաւորել մեր ընդհանուր ապագան։

Ներկայ պահին, կրկին ուզում եմ ընդգծել, որ հայ հասարակութեան ներսում գոյութիւն ունեն հսկայական սպասումներ։ Եւ եթէ այդ սպասումները չարդարանան՝ լինի դա մեր կառավարութեան կողմից, թէ մեր Եւրոպակա Միութեան գործընկերների, ապա մենք կ՚ունենանք խորը հիասթափութիւն։

Ի վերջոյ, սա մի տարածաշրջան է, որտեղ զգացմունքները՝ պատմականօրէն եւ աւանդաբար, մեծ դեր ունեն։ Եւ եթէ այս սպասումները յանգեցնեն ոչ թէ դրական արդիւնքների, այլ հիասթափութեան, ապա այդ դէպքում նոյնպէս կը կորցնենք ստեղծուած պահը։ Եւ ես դժուարութեամբ եմ պատկերացնում՝ երբ կը կարողանանք վերսկսել այս գործընթացը»,- եզրափակած է նախարարը։