Զաւէն…
Շաբաթ մը անցաւ, եւ օրէ-օր ամէն բան կը դժուարանայ բոլորիս համար:
Զաւէն, օր մը թոռնիկներուս կը պատմեմ քու մասիդ: Կը խօսիմ իր շուրջը ուրախութիւն սփռող ընկերոջ մը մասին: Ան, որ բնաւ չէ վիրաւորած, որ սիրուած է բոլորէն: Կը պատմեմ, թէ որքա՛ն հաճելի էր քեզի հետ ժամանակ անցընելը, թէ որքա՛ն բարեսէր ու համբերատար էիր:
Կը յիշենք ինչպէս չէիր վարաներ Պշարայէն ծոթրինով հաց ու պանիրով պէօրեկ առած մեր տունը գալու, որպէսզի անհաճոյ փէյփըր մը աւելի խանդավառութեամբ գրեմ, կը յիշենք Սոնիայենց տունի չեփած փասթան, Գարմէնենց Kettle Cooked չիփսերը, Սերժենց թէյքաութներն ու քեպապները, Լարային, Ալիքին ու Բարտիին հետ ընթրիքները, մեր տան գինիի երեկոները եւ դեռ ինչե՜ր ու ինչ անհատնում յիշատակներ… ուր որ ըլլայիր, այնտեղ ուրախութիւն կը սփռէիր…
Կը յիշեմ ինչպէս չէիր խմեր, երբ պիտի քշէիր, երբեմն մեզի նաեւ տուն հասցնելով, այդ ինքնաշարժով, որ քեզ սպաննեց:
Մօտ տարի մը առաջ, երբ Կաղանդի խրախճանքէ մը ելանք, նշմարեցինք տղայ մը, որ կոտրած էր ինքնաշարժիդ ապակիները եւ կտրտած թելերը… պահ մը ուշացում` եւ արդէն գողցած պիտի ըլլար ինքնաշարժդ… Թերեւս պէտք էր ձգէինք, որ ինքնաշարժդ գողնար, քան ինքնաշարժդ քեզ գողնար քու հարազատներուդ շրջանակէն…
Կը յիշեմ, թէ ինչպէ՛ս երեքով փորձեցինք բռնել տանիք փախած շունս, որ ջուրերուն մէջ կը ցատկռտէր: Անվարան օգնեցիր ու բռնեցիր, հակառակ անոր որ շուն չէիր սիրեր…
Իսկ հեռաձայնիս վրայի` անհրաժեշտութեան պարագային հեռաձայնուելիք 6 անձերէն մէկը դուն էիր, քանի որ վստահ էի, որ վայրկեան մը իսկ պիտի չտատամսէիր օգնութեան հասնելու…
Վերջին անգամ հանդիպեցանք «Պասթըրմա Մանօ»-ին քով, ծիծաղելի պիտի գտնէիր այս մէկը: Առիթէն օգտուեցանք ու բաւական զրուցեցինք քու մասթըրզի ապագայ հաւանական ծրագիրներուդ մասին…
Կը յիշենք մեր խմբային պտոյտները Սեւանայ լիճի ափին, Լիբանանի լեռներուն վրայ: Կը յիշենք քու խանդավառութիւնդ Երեւան Փարքի ռոլըրքոսթըրներուն վրայ, կը յիշենք քեզ «ՄաքՏոնալտզ»-ի անհամար այցելութիւններու ժամանակ… չեմ կարծեր, որ ալ նակեթսը նոյն համը պիտի ունենայ այսուհետեւ կը յիշեմ «Եուրովիժըն»-ի քու սիրած ահաւոր երգդ, ու յիշատակները լեռնարշաւի, վազքի, բանակելու թէ հեծիկ քշելու ընթացքին… շատ բան կայ պատմելիք զաւակներուս ու թոռներուս` հարազատ ու անկեղծ ընկերոջ մը մասին:
Բայց յատկապէս, կը յիշենք քեզ եւ… ինքնաշարժդ… դաս սորվելու պտոյտներու ընթացքին, շաբթուան մէջ թէ շաբաթավերջին, կը յիշենք արծաթագոյն «Քիա»-դ, AUX chord-ով եւ iPhone dongle-ը միշտ պատրաստ… dongle-ը մեզի համար էր. դուն օրին iPhone չէիր գործածեր…
Ու կը յիշեմ քեզ, մանկապարտէզի օրերէն, մօրուքիս տակ մնացած ճանկի հետքովդ …
Երկու շաբաթէն տարեդարձդ է, Զաւէն… ըսէ, ի՞նչ ընենք…
Թոռներուս քու մասիդ կը պատմեմ` յուսալով, որ նոյնքան բարեսիրտ մարդիկ կը դառնան:
Կը սիրենք քեզի, եղբա՛յր: Միայն գիտնաս, թէ որքա՛ն մեծ ճեղք ձգեցիր մեր բոլորին սրտին մէջ: Կ՛ուզեմ քեզ մի՛շտ յիշել այս լաւ յիշատակներուն ընդմէջէն, ուրախ, ժպտուն ու կեանքով լեցուն, բայց առ այժմ ոչինչ ուրախալի կը թուի…
Շահէն Արապօղլեան
«Ազդակ»