Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային փակ բաժնետիրական ընկերութիւնը Քաջարանի բացահանքին մէջ լեռնային աշխատանքներ իրականացնելու համար յայտարարած է մրցոյթ։ Այս մասին ըսուած է ընկերութեան յայտարարութեամբ։
2024-ի ընթացքին 4,6 միլիոն թոն ծաւալով պայթեցուած լեռնային զանգուածի եւ դատարկ ապառաժներու հին լցակոյտերու բեռնումը եւ 3,26 քմ միջին հեռաւորութեան վրայ տեղափոխումը ապահովելու համար, Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային ընկերութիւնը կ'առաջարկէ լեռնային եւ հորատային պայթումներու աշխատանքային փորձ ունեցող ընկերութիւններուն մասնակցիլ մրցոյթին։
Լեռնային զանգուածի բեռնումը եւ տեղափոխումը պէտք է իրականացուի մրցոյթին յաղթող կապալառուի սարքերով։
Յայտարարուած ծաւալները տեղափոխելու համար, կապալառուն պէտք է ապահովէ անհրաժեշտ քանակութեամբ թրթուրաւոր հողաբարձ մեքենաներ (պուլտոզըր), հողափորներ (էքսքաւադըր), 30-էն 60 թոն բեռնատարողութեամբ ինքնաթափ մեքենաներ եւ անհրաժեշտութեան պարաքային նաեւ այլ սարքեր։
Կապալառուն պիտի պարտաւորուի ապահովել ՀՀ Կառավարութեան 07.07.2022 թուականի 1050-Ն որոշման եւ Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային ընկերութեան մէջ ընդունուած անվտանգութեան կանոնները։
Ամբողջական յայտարարութիւնը եւ տեխնիկական առաջադրանքը նշուած են՝ յղումով։