«Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցով խնդիրը կը բխի ոչ թէ Հայաստանէն, այլ Իրանէն: Նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը, գրած է «Անատոլու» գործակալութիւնը:
«Թեհրանի դիրքորոշումը վիշտ կը պատճառէ Պաքուին եւ Անգարային: Իրականութեան մէջ իրավիճակը պէտք է անհանգստութիւն պատճառէ նաեւ Իրանին»,-ըսած է Էրտողան:
Ըստ անոր՝ երկաթուղային բեռերու փոխադրման տուրքերը «շատ, շատ բարձր են»։
«Յոյսով եմ, որ այս խնդիրը (մէկ վակոնի փոխադրման տուրքը) շուտով կը լուծուի։ Տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններուն առնչուող հարցերուն դրական մօտեցմամբ հնարաւոր է ձեւաւորել Թուրքիա-Ատրպէյճան-Իրան միասնական երկաթուղային եւ ճանապարհային ցանց, եւ հնարաւոր կ'ըլլայ բանալ Փեքին-Լոնտոն երթուղին»,-ըսած է Էրտողան։