Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան հեռախօսազրոյց ունեցած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մոհամմէտ պըն Զայէտ Ալ Նահեանի հետ։ Զրոյցի ընթացքին քննարկուած են երկկողմ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային հարցեր։
Էրտողան նշած է, որ Թուրքիան ջանքեր կը գործադրէ Իրանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ լարուածութիւնը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ նմանատիպ հակամարտութիւնները դադրեցնելու ուղղութեամբ։
Թուրքիոյ նախագահը նաեւ յայտարարած է, որ խաղաղութեան հասնելու նպատակով դիւանագիտական նախաձեռնութիւնները պիտի շարունակուին։ Անոր խօսքով՝ Անգարան համաձայն չէ տարածաշրջանի եղբայրական երկիրներուն դէմ իրականացուող յարձակումներուն։