image

«Յոյսով եմ, որ Փելէն շուտ կ՚ապագինուի».Նէյմաար

«Յոյսով եմ, որ Փելէն շուտ կ՚ապագինուի».Նէյմաար

Պրազիլցի յարձակող Նէյմար խօսած է հռչակաւոր ֆութպոլիստ Փելէի առողջական վիճակի մասին.

«Շատ դժուար է խօսիլ այն մասին, թէ ինչի միջով կ'անցնի Փելէն։ Անոր ամենայն բարիք կը մաղթեն։ Յոյսով եմ, որ ան որքան հնարաւոր է շուտ կ'ապաքինուի, եւ այս յաղթանակը անոր որոշակի մխիթարութիւն կը բերէ»,- Նէյմարի խօսքերը մէջբերած է ՖԻՖԱ-ի պաշտօնական կայքը:

Պրազիլիոյ հաւաքականը աշխարհի առաջնութեան 1/8 եզրափակչի խաղին 4։1 հաշուով յաղթեց Հարաւային Քորէայի ընտրանիին։

Փելէն դարձած է աշխարհի ախոյեան 1958, 1962 եւ 1970 թուականներուն։ Ան Պրազիլիոյ հաւաքականի պատմութեան լաւագոյն ռմբարկուն է (77 կոլ)։

Աշխարհի ախոյանութեան 2022-ի քառորդ եզրափակչի Պրազիլ– Խրուաթիա հանդիպումը պիտի կայանայ ուրբաթ՝ 9 դեկտեմբերին։