ՌԴ նախագահ՝ Վլատիմիր Փութին Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին անդրադարձած է ԼՂ-ի մէջ տիրող իրավիճակին:
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցողը իսկապէս մեծ դժբախտութիւն է: Մեծ գոհունակութեամբ կ'ուզեմ ընդգծել նկատուող փոխզիջումը ու արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու հարցով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները: Յուսով եմ, որ մեր կողմէն ձեռնարկուած քայլերը երկարաժամկէտ խաղաղութիւն կը բերեն՝ ի շահ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն»,- ըսած է Փութին: