image

«Յոյսով եմ, որ մեր գործադրած ջանքերը արդիւնք կու տան» Վլատիմիր Փութին

«Յոյսով եմ, որ մեր գործադրած  ջանքերը  արդիւնք  կու տան» Վլատիմիր Փութին

ՌԴ նախագահ՝ Վլատիմիր Փութին Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին անդրադարձած է ԼՂ-ի մէջ տիրող իրավիճակին:

«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցողը իսկապէս մեծ դժբախտութիւն է: Մեծ գոհունակութեամբ կ'ուզեմ ընդգծել նկատուող փոխզիջումը ու արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու հարցով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները: Յուսով եմ, որ մեր կողմէն ձեռնարկուած քայլերը երկարաժամկէտ խաղաղութիւն կը բերեն՝ ի շահ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն»,- ըսած է Փութին: