Ի՜նչ խօսք, որ տակաւին շատ են գրելիքները իր մասին, սակայն այսօր այս հեռացումի պահուն, երբ ան «կը ճամբորդէ» դէպի աւելի լուսաւոր վայր-վայրեր, կուզէի լռութեամբ եւ սիրով յարգել անոր խնկելի յիշատակը։
Սագօ Արեանի դիմատետրեան էջէն կը կարդանք՝
Պէյրութեան ոսկեդարու ակնառու ներկայացուցիչներէն Տօքթ. Արմենակ Եղիայեան այսօր լուսածագին աւանդած է իր հոգին։
Նշան Փալանճեան ճեմարանի շունչով, այդ մարդակերտ եւ հայակերտ վսեմական կրթօճախին մէջ դաստիարակուած եւ հայութեամբ լեցուած բժիշկը վերջին քառորդ դարուն յատկապէս դարձաւ Արեւմտահայերէնի իսակական պաշտպաններէն մին բանիւ եւ գործով։
Անոր հետ բարեկամութիւնս մարմին ստացաւ տարաբախտ բանաստեղծ՝ Աբրահամ Ալիքեանի Պէյրութեան (ապա Պիքֆայա եւ Ֆարայա) ժամանակներուն, երբ «փոխն ի փոխ» այցելութեան կ՚երթայինք Աբրահամին ու մասնակից կը դառնայինք անոր բանաստեղծական սիրառատ հանդիպումներուն։
Այդ օրերու բարեկամութիւնն էր, որ մնաց անսասան ու անխախտ եւ մանաւանդ մաքուր ու վաւերական։
Շատ առիթներով, ինչպէս շատ-շատերու պարագային Սիրելի Տօքթորը քննադատութիւններ յղած է ինծի, բայց ոչ մէկ անգամ վիրաւորած։
Լեզուական մասով անոր խարազանումները օգտագործուեցան դէմս շատ-շատերու (նոյնիսկ ծանօթ եւ սիրելի խմբագիրներու կողմէ), բայց այդ մէկը ոչինչ փոխեց անոր անձին հանդէպ իմ ունեցած սէրէս ու համարումէս։
Սփիւռքով մէկ տարածուած մամուլի սիրոյ առաքեալն էր Արմենակ Եղիայեանը, որ քննադատութիւններ կը յղէր բոլոր անոնց, որոնք չէին սիրէր «սորվիլ» իր դասերը, մաքուր գրել, եւ մաքրօրէն պահել Արեւմտահայերէնը։
Մէկ խօսքով Արեւմտահայերէնի իսկական զինուորեալ էր ան, ու այդպէս ալ ապրեցաւ մինչեւ կեանքի վերջին պահը։
Շատ ներ-անձնական շփումներ ունեցած եմ անոր հետ, կիսուած ենք գաղափարներով եւ «համամտութիւններ»ով, ու յաճախ ալ ըսեմ որ «թոյլ» հաւատամքով մը կը մօտենէր յօդուածներուս , անգամ բանաստեղծութիւններուս ըսելով «Ծօ, ասոնք դուն գրած ե՞ս...», որուն դիմաց ալ պարզապէս լռութեամբ մը կը հակազդէի առանց նեղուելու սիրելի լեզուագէտէն։
Բոլորին համար պատրաստակամ, բոլորին լաւը կամեցող էր ան, միայն թէ պահուէր ու պահպանուէր իր պաշտած լեզուն, իր ապրումի, իր կեանքի,իր տուն ու տեղի լեզուն՝ Արեւմտահայերէնը։ Ի՜նչ խօսք, որ տակաւին շատ են գրելիքները իր մասին, սակայն այսօր այս հեռացումի պահուն, երբ ան «կը ճամբորդէ» դէպի աւելի լուսաւոր վայր-վայրեր, կուզէի լռութեամբ եւ սիրով յարգել անոր խնկելի յիշատակը։
Մաքուր էր լեզուին հանդէպ, մաքուր է մեր ժողովուրդին հանդէպ եւ այդպէս ալ մնաց մինչեւ վերջին շունչը։
Հոգիիդ լոյս սիրելի տօքթոր..։
Ցաւակցութիւններս բոլոր հարազատներուն, մանաւանդ անոր տիկնոջ, որդիներուն՝ Իշխանին եւ Ասպետին եւ միւս բոլոր սիրեցեալներուն։
