Կիրակի, 4 Օգոստոսին, յետմիջօրէի ժամը 1ին, տեղի ունեցաւ Մոնթրէալի «Արմէն Կարօ եւ Շաքէ Կէօնճեան» կեդրոնի բարենորոգուած շրջափակին բացումը՝ ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեանի, Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ հայրենակիցներու:
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Գաթարոյեան: «Առաւել քան տասնեակ մը տարիներ առաջ, երբ մեր կեդրոնի դիմացի այս տունը տրամադրելի դարձաւ, «Միհրան Փափազեան» կոմիտէն քաջ գիտնալով անոր գնման անհրաժեշտութիւնը՝ առիթը չփախցուց եւ տէր դարձաւ այս կալուածին», ըսաւ Գաթարոյեան՝ յիշեցնելով, որ նշեալ կեդրոնը հաւաքավայր դարձած է մեր գաղութին ծառայող յարակից միութիւններուն: «Կոմիտէութեանս կողքին հոս կը գործեն Հայ Օգնութեան Միութիւնը, Համազգայինը, ՀՄԸՄը, Երիտասարդական եւ Պատանեկան միութիւնները, եկեղեցին ու առաջնորդարանը՝ իրենց զանազան ծրագիրներով եւ աշխատանքներով», աւելցուց Գաթարոյեան:
Ան յայտնեց, թէ երբ կոմիտէութիւնը շրջափակը նորոգելու ծրագիրը մէջտեղ բերաւ Շաքէ Կէօնճեան եւ անոր ընտանիքը, ինչպէս միշտ, պատրաստակամութիւն յայտնեցին հոգալու վերանորոգման բոլոր ծախսերը:
Գաթարոյեան շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ նախ Կէօնճեան ընտանիքին, ապա Mr Pergola ընկերութեան տնօրէն Մայք Գարակէօզեանին, որ սիրայօժար կերպով պարտէզին սարփինան նուիրած էր, գործակալութեան ընդհանուր պատասխանատու Կարօ Տժգունեանին, որ կատարեց սարփինայի զետեղումը, կեդրոնի խնամատար Յարութ Սայէղին, օրուան հիւրասիրութիւնը պատրաստող յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ կեդրոնի մուրհակներու բոլոր նուիրատուներուն:
Ապա Շաքէ Կէօնճեանի եւ Զաւէն Կէօնճեանի ձեռամբ կատարուեցաւ ժապաւէնի հատումը:
«Հորիզոն»