image

Յունան Պօղոսեան վստահեցուց, որ բանակցութիւնները կը շարունակուին

Յունան Պօղոսեան  վստահեցուց, որ   բանակցութիւնները կը շարունակուին

ՀՀ ոստիկանապետի առաջին տեղակալ Յունան Պօղոսեան այսօր յայտնած է, որ Էրէբունի զինուորական կեդրոնի հարցով բանակցութիւնները կը շարունակուին: Ան նաեւ  ըսած է, որ եթէ բանակցութիւնները  շօշափելի արդիւնքներու չյանգին ապա ոստիկանութիւնը պատրաստ է համապատասխան օրինական քայլերու ձեռնարկելով լուծել  այս խնդիրը:  Նշենք,  որ աւելի վաղ  յայտնուած էր   պատանդ առնուած մէկ ոստիկանի եւ շտապ օգնութեան մէկ աշխատակիցի ազատ արձակման մասին: Այս  պահուն եւ ըստ Պօղոսեանի, Էրէբունիի ոստիկանական կեդրոնին մէջ կը գտնուին   պատանդ առնուած 5  ոստիկաններ: Պօղոսեան նաեւ ըսած է, որ քննարկման մէջ  է Ժիրայր Սէֆիլեանին  տարուող  բանակցութիւններուն   մասնակցութեան  խնդիրը: Յիշեցնենք,որ «Սասնայ ծռեր» անունը կրող զինեալներու խումբ մը կիրակի կանուխ առաւօտ   յարձակում մը  գործած էր Էրէբունի  շրջանի  պահակային-ոստիկանութեան  մէկ կեդրոնին վրայ  եւ    բռնի ուժով պատանդ վերցուցած հոն գտնուող ոստիկանները:  Զինեալներուն գլխաւոր պահանջն է ազատ արձակել Հայաստանի  մէջ գտնուող  բոլոր քաղբանտարկեալները, որոնց գլխաւորը Ժիրայր Սէֆիլեանն է: