image

Յունահայ Արա Ճանիկեան դարձաւ աշխարհի ախոյեան

Յունահայ  Արա Ճանիկեան   դարձաւ աշխարհի ախոյեան

 Յունահայ  մարզիկ  Արա  Ճանիկեան  օրեր առաջ    մասնակցելով Քոլոմպիոյ  մէջ  տեղի ունեցած      Ju-Jitsu-ի համաշխարհային մրցաշարքին   գրաւած է առաջին դիրքը   եւ դարձած   աշխարհի ախոյեան:   Այս մասին տեղեկութիւնը  տրուած է Աթէնք  հրապարակուող      ՀՅԴ օրկան «Ազատ օր»ը:

 Կը   հաղորդուի նաեւ, որ հայազգի մարզիկը  մասնակցած է 56   քիլոկրամէն    նուազ  անուանկարգի մրցումներուն       եւ յաղթելէ ետք  Իսրայէլի եւ  հիւրընկալ Քոլոմպիոյ մարզիկներուն հասած է   աւարտական փուլ:  Ան  աւարտական մրցումին յաղթած է Ղազախստանի   ներկայացուցիչին   ու այդպիսով           խլած է   ոսկի մետալն ու դարձած  աշխարհի ախոյեան:   Աղբիւրը կը նշէ, որ   հայազգի ախոյեանը  ա­միս­ներ շա­րու­նակ կը մար­զո­ւէր, հետեւելով իր մար­զիչ­նե­րու՝ Եոր­ղօ ­Զան­տիո­թի­սի, Եան­նի Քոս­տի­կիա­տի­սի, Ա­կե­լոս ­Կոր­կա­սի եւ ­Տի­միթ­րի ­Մու­լա­վա­սի­լի­սի ուղ­ղու­թիւն­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ՝ ­Փօլ ­Ֆա­րա­ճեա­նի սննդա­կա­նո­նին:

 

 Աղբիւրը կը նշէ, որ շնորհիւ  Արային   Յունաստանը առաջին անգամ ըլլալով կը  տիրանար  ոսկեայ մետալին: