Այն, ինչ տեղի ունեցաւ երէկ Սուրիոյ մէջ, մեզի համար յոյսի շող դարձաւ։ Ինչպէս հաղորդած է «ԱՊԱ»-ն, այս մասին ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը:
Ան նշած է, որ Թուրքիան կ՚ակնկալէ միջազգային դերակատարներու աջակցութիւնը Սուրիոյ մէջ նոր կառավարութեան ձեւաւորման հարցով:
Անոր խօսքով, հակառակ Անգարայի բոլոր ջանքերուն, Ասատի կառավարութիւնը չգնաց իր ժողովուրդի հետ խաղաղութեան հաստատման: Ֆիտանն ընդգծած է, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ աջակցիլ Սուրիոյ ժողովուրդին եւ աջակցիլ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան:
«Թուրքիան կը շարունակէ ջանքեր գործադրել Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ապահովելու համար։ Թուրքիան կը շարունակէ քայլեր ձեռնարկել Իրանի հետ երկկողմ եւ տարածաշրջանային կապերը պահպանելու, ինչպէս նաեւ Յունաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ դրական օրակարգ մտցնելու ուղղութեամբ»,- ըսած է Ֆիտանը։