Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ռուսիայէն Պաքու վերադարձած է՝ կապուած AZAL օդանաւի կործանման հետ, յայտնած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:
Ան այսօր Ս. Փեթերսպուրկի մէջ պէտք է մասնակցէր ԱՊՀ ղեկավարներու ոչ պաշտօնական գագաթնաժողովին:
Azerbaijan Airlines ընկերութեան՝ Պաքուէն Կրոզնի թռող օդանաւը կործանուած է Ղազախստանի Աքթաու քաղաքին մէջ:
Նախնական տեղեկութիւններով՝ օդանաւին մէջ եղած է 67 ուղեւոր եւ անձնակազմի 5 անդամ։ Ղազախստանի առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով՝ ողջ մնացած է 6 մարդ:
Պաքու-Կրոզնի չուերթն իրականացնող օդանաւը բախած է թռչուններու երամին, որու հետեւանքով խախտուած է ղեկի կառավարումը: Անձնակազմը վթարային իրավիճակ յայտարարած է՝ ստիպուած ըլլալով վայրէջք կատարել Աքթաուի մէջ։ Վայրէջքի պահուն այն կործանած է:
Օդանաւին մէջ եղած է Ատրպէյճանի 37, Ղազախստանի 6, Ղրղզստանի 3 եւ Ռուսիոյ 16 քաղաքացի: